Նովաք Ճոքովիչ երկուշաբթի գիշեր կռնակին վրայ պառկած կը ցաւէր, մինչ բժիշկը իր ոտքը կը մարձէր` ծունկի ցաւը թեթեւցնելու, 2-րդ սեթի սկիզբը: Հաւանականութիւն կար, որ աշխարհի թիւ 1 թենիսմենը չշարունակէ մրցումը, սակայն քիչ մը աւելի լաւ զգալէ ետք ինքզինք, ան կրցաւ շարունակել արժանթինցի Ֆրանսիսքօ Չերունտոլոյի (թիւ 23) դէմ մրցումը եւ յաջորդաբար 2-րդ մրցումը ըլլալով 4 ժամ 37 (5 վայրկեան աւելի նախկինէն) վայրկեան պայքարէ ետք կրցաւ յաղթել 6-1, 5-7, 3-6, 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով: Այսպիսով Ճոքովիչ հասաւ քառորդ աւարտական 59-րդ անգամ ըլլալով կրան շլեմի մրցաշարքերու գծով, ինչ որ մրցանիշ մըն է տղոց մրցումներուն, արձանագրելով իր 370-րդ յաղթանակը:
Ճոքովիչ, որ իր ասպարէզին ընթացքին 40 յաղթանակ արձանագրած է 5 սեթ տեւող մրցումներուն (51 մրցումներու ընթացքին), կը փորձէ իր մրցանիշը բարելաւել 25-րդ կրան շլեմի տիտղոս մը շահելով Ռոլան Կարոսի մէջ:
Սկզբունքով, ան քառորդ աւարտականին (այսօր) պիտի մրցի թիւ 7 դասուած Քասփըր Ռուտի դէմ, եթէ ծունկի հարցը չբարդանայ:
Ռուտ, որ դուրս ձգեց թիւ 12 դասուած Թէյլըր Ֆրիցը` 7-6, 3-6, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով, 2023-ի Ռոլան Կարոսի աւարտականին պարտուած էր նոյնինքն Ճոքովիչէն եւ Ռաֆայէլ Նատալէն 2022-ի աւարտականին:
«Չէի գիտեր, իրականութեան մէջ: Պէ՞տք էր շարունակէի, թէ՞ ոչ: Աւելի ուշ աւելի լաւ զգացի եւ առանց հարցի կրցայ շարունակել: Տեւողութիւնը հարց չէ… ծունկի ցաւն է, որ կը մտահոգէ», ըսաւ Ճոքովիչ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Նովաք Ճոքովիչ (Սերպիա) – Ֆրանսիսքօ Չերունտոլօ (Արժանթին) 6-1, 5-7, 3-6, 7-5 եւ 6-3
Քրիսթիան Ռուտ (Նորվեկիա) – Թէյլըր Ֆրից 7-6, 3-6, 6-4 եւ 6-2
Ալեքսանտր Զվերեւ (Գերմանիա) – Հոլկըր Ռունէ (Դանիա) 4-6, 6-1, 5-7, 7-6 եւ 6-2
Եաննիք Սինըր (Իտալիա) – Կրիկոր Տիմիթրով (Պուլկարիա) 6-2, 6-4 եւ 7-6
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Քոքօ Կաֆ (Մ. Ն.) – Օնս Ժապեր (Թունուզ) 4-6, 6-2 եւ 6-3
Իկա Շվիաթեք (Լեհաստան) – Մարքեթա Վոնտրուսովա (Չեխիա) 6-0, 6-2


