Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը իր առաջին յօդուածին մէջ կը նշէ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական, իրաւական պետութիւն է»:
Վերջին տարիներուն, ըլլայ հայրենիքի կամ սփիւռքի մէջ, հայ ժողովուրդը յուսախաբ եղաւ ամէնէն գռեհիկ կերպով եւ վկայեց այս բոլոր հիմունքներուն խախտումը:
Առաջին հերթին յանձնուեցաւ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, երբ 9 նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրադադարի խայտառակ համաձայնագիր մը ստորագրեց թշնամի Ազրպէյճանին հետ:
Ապա Հայաստանի ներկայ ինքնիշխանութիւնները, ներառեալ` Նիկոլ Փաշինեան, իրենց զիջողական քաղաքականութեամբ խախտեցին ժողովրդավարութեան հիմունքները, որոնց համաձայն, որեւէ իշխանութիւն սահմանազատման եւ սահմանագծման իմաստով զիջումներ ներկայացնելու իրաւասութիւնը չունի` առանց ժողովրդավարական հանրաքուէի մը:
Պետութիւն մը չի կրնար գոյատեւել, եթէ սահմանադրութեան պահապաններն իսկ խախտած են երկրի օրէնքները եւ արհամարհած են ժողովուրդին իրաւունքները:
Չբաւարարուելով Արցախի կորուստով` Հայաստանի ներկայի իշխանութիւնը կը հաստատէ ուրիշ շրջաններու յանձնումը, ինչպէս Տաւուշի մէջ շրջաններու զիջումը առանց որեւէ խաղաղութեան երաշխիք` Ազրպէյճանի հետ «խաղաղութեան պայմաններ կնքելու» պատճառաբանութեամբ:
Մենք` իբրեւ ուսանողներ, մտահոգուած մեր հայրենիքի ճակատագիրով, կու գանք մեր ձայնը լսելի դարձնելու եւ ըսելու, որ մենք կողմ ենք միմիայն այն գործընթացներուն, որոնք ի շահ մեր հայրենիքին են, որոնք կը յարգեն Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ կը շեշտեն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու իր ժողովուրդին իրաւունքները:


