Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Շուկան» Կը Շարունակէ Իր Շուրջ Համախմբել Լիբանանահայութիւնը

April 16, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կիրակի, 14 ապրիլին,  առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը «Մասթըր մոլ»-ի մէջ «Մեր շուկան» նախաձեռնութիւնը իններորդ անգամն ըլլալով ներկայացաւ լիբանանահայութեան:

Օրուան հանդիսավար` Մարալ Մխսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, որ քանի մը ամիսներու բացակայութենէ ետք «Մեր շուկան» վերստին կը ներկայանայ հանրութեան` առաւել եւս ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտով: Ան նաեւ մերթ ընդ մերթ ներկայացուց կրպակները եւ օրուան ընթացքին գործադրուելիք բաւական ճոխ յայտագիրը:

Այս անգամ «Մեր շուկան» նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 100 միութիւններ, հաստատութիւններ, նաեւ անհատներ: Սեղաններուն վրայ ցուցադրուած էին գիրքեր, զարդեղէն, արուեստի գործեր, ձեռային աշխատանքներ, պայուսակներ, խաղալիքներ, յուշանուէրներ, անուշեղէն, ճաշատեսակներ:

Մեծ թիւով այցելուներու շարքին «Մեր շուկան» այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Յայտնենք, որ բոլոր այցելուները իրենց անունը արձանագրեցին մուտքին, եւ վիճակաձգութեամբ անոնցմէ ոմանք ստացան նուէրներ` տրամադրուած «Hayshop»-ի, նաեւ կարգ մը մասնակիցներու կողմէ:

Կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը այցելեց «Մեր շուկան»` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով մասնակիցներուն եւ այցելուներուն մօտ:

Այս անգամ «Մեր շուկան» պարզեց աննախընթաց երեւոյթ մը, երբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը, որ արժանացած էր Լեռնալիբանանի 4-րդ դասակարգի ախոյեանութեան, մուտք գործեց «Մասթըր մոլ», ներկաներուն ծափողջոյններուն ներքեւ, իսկ խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին երբ աւարտական 4-րդ հանգրուանին հասած ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբը  այցելեց «Մեր շուկան»:

Յայտնենք, որ գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Հայկական Թրիօ» խումբը, Վահան Թէքէեան վարժարանը, որ ներկայացուց մենապար մը, «Փոքրերու աշխարհ» եւ «Ուրախ հրեշտակ» մանկապատանեկան խումբերը, նաեւ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Անթոնի Օպէյտ, Կարինէ Անդրանիկեան եւ Լարիսա` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Նախորդը

Արցախահայութեան Կորուստի Եւ Տառապանքի Մարդաբանութիւնը` Լեհերէնով

Յաջորդը

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Կիսասարկաւագական Ձեռնադրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.