Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրկին Ազգային Միասնականութեան Անհրաժեշտութեան Մասին

April 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Միջազգային յարաբերութիւնները անհրաժեշտ են երկրի մը արտաքին բազմաբնոյթ շահերը ապահովելու համար: Այդ յարաբերութիւնները յաճախ երկկողմ են, երբեմն` բազմակողմ: Ինչ բնոյթ ալ ունենան անոնք, պէտք է հիմնուին միջազգային օրէնքներու վրայ: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ միջազգային օրէնք. երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, միջազգային են այն օրէնքները, որոնք կը բխին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան համաձայնագիրէն եւ Արդարութեան միջազգային ատեանի կանոնագրութենէն: Այս երկու հիմնարար փաստաթուղթերուն վրայ հիմնուելով, ՄԱԿ-ի զանազան հիմնարկները կը մշակեն օրէնքներ եւ համաձայնագիրներ, որոնց պէտք է միանան ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնները: Այն բոլոր համաձայնագիրները եւ դաշինքները, երկկողմ թէ բազմակողմ, որոնք չեն յարգեր ՄԱԿ-ի հիմնադիր փաստաթուղթերը կամ չեն վաւերացուած անոր կողմէ, չեն կրնար միջազգային օրէնքին համապատասխան համարուիլ եւ ուրեմն ենթակայ են փոփոխութեան եւ վերանայման:

Անցնող շաբթուան ընթացքին Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին խօսակցութիւններու եւ վերլուծումներու գլխաւոր նիւթը Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ – Եւրոպական Միութիւն եռակողմանի բանակցութիւններն էին: Ոմանք մեծ ակնկալութիւններ ունէին այս բանակցութիւններէն, ուրիշներ կասկածներ դրսեւորեցին: Բանակցութիւնները տեղի ունեցան եւ անոնց հիմամբ յայտարարուեցաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Հայաստանին տնտեսական օժանդակութիւն պիտի տրամադրեն յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին: Օժանդակութեան չափը համեստ է, ու ինչպէս դիտել տուին որոշ տնտեսագէտներ, անկարող է Հայաստանի տնտեսութեան մէջ տեսակարար յառաջընթաց իրականացնելու:

Տնտեսական օժանդակութեան խոստումը տեսանելի մասն է միայն կայացած բանակցութիւններուն: Յաճախ, նման հանդիպումներէ ետք չըսուածը աւելի կարեւոր է յայտարարուածէն:

Չըսուածին մասին որոշ չափով փակագիծերը կը բանայ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բանբեր Փեթեր Սթանոն: Սթանօ կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի մէջ բարեփոխումները շարունակուին, Հայաստանը քաղաքական եւ տնտեսական առումով Եւրոպական Միութեան մօտեցնելու համար: Այդ բարեփոխումները կ՛ենթադրեն. 1- ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդում եւ բարեփոխում, 2- տնտեսական բարեփոխումներ, 3- օրէնքի գերակայութեան ամրապնդում եւ 4- փտածութեան դէմ պայքար: Այս նպատակները կրկնութիւնն են Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ իրականացած իշխանափոխութեան առաջադրանքներուն, որոնց գործադրութիւնը ցարդ աւելի յետընթաց արձանագրած է, քան` յառաջխաղացք: Մաղթենք, որ հաւաքական Արեւմուտքի մղումով իրողապէս իրականանան այս առաջադրանքները:

Ապահովական կացութեան մասին ոչ մէկ նշում եղաւ հանդիպման յաջորդած յայտարարութիւններուն մէջ: Բայց ահա, Փեթեր Սթանօ կը հաւաստիացնէ, որ Եւրոպական Միութիւնը չի պահանջեր, որ Հայաստան հրաժարի իր միւս գործընկերներէն: Այսինքն` քաղաքական կողմնորոշումը շրջելու հարց չի դներ: Այսինքն` ապահովական գետնի վրայ երաշխիքներ չի տրամադրեր: Եւրոպական Միութիւնը կ՛ընդունի, որ եթէ Հայաստանի շահերէն մեկնելով կարեւոր է, կամ լաւ է, կամ ձեռնտու է Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւն ունենալ, կարելի է ունենալ: Այդ համագործակցութիւնը պէտք չէ հակասէ Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան, օրինակ` պատժամիջոցներու շրջանցումին:

Փաստօրէն Եւրոպական Միութիւնը կը յուշէ, որ պէտք չէ Հայաստան փճացնէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, որովհետեւ ինք տրամադիր չէ զայն փոխարինելու բոլոր մարզերուն մէջ: Կողմ է միայն կսմիթներու քաղաքականութեան, բայց ոչ` ամբողջական խզումին:

Խօսակցութիւններու ընթացքին հաւանական է, որ շատ աւելի յստակ ու բացայայտ ցուցմունքներ տրուած պէտք է ըլլան: Անոնք, որոնք մեծ խանդավառութիւն կը ցուցաբերէին Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու խզումին նախատեսութեամբ, հիմա յուսախաբ պէտք է ըլլան: Իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները ինչպէ՞ս պիտի ձեռնարկեն կարեւոր, կամ լաւ, կամ ձեռնտու յարաբերութիւններու բարելաւման անբարեյոյս դարձած Ռուսիոյ հետ, որուն հետապնդած շահերը ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ Հայաստանի համար նպաստաւոր չեն:

Հայաստանի իշխանութիւնները ճիգ չխնայեցին իրենց միջազգային յարաբերութիւնները խճճելու ուղղութեամբ: Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր միջոցով հաւաքական Արեւմուտքը պատրաստ են օգնելու Հայաստանին ինքնուրոյն կերպով լուծելու քաղաքական կողմնորոշման խնդիրը, որ բարդ հաւասարութեան մը կերպարանք ստացած է արդէն:

Հայաստան իր քաղաքական կողմնորոշումը յստակացնելու պարտադրանքին ենթակայ է այժմ: Անոր անհրաժեշտ է, քաղաքական բոլոր կենդանի ուժերու միասնական ներդրումով նոր քաղաքական ուղիի մը մշակումը: Ազգային խախտուած միասնականութեան վերստեղծումը:

 

 

Նախորդը

Հնդիկ Պարմանուհիին «Գողցուած» Կեանքը

Յաջորդը

«Եուրոփա Լիկ». Վաղը` Լիվըրփուլ – Աթալանթա Ա. Սէ. Միլան – Ա. Էս. Ռոմա

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.