Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ` ՍԱՍՈՒՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ

April 6, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, կազմակերպութեամբ Սասնոյ հայրենակցական միութեան, Մար Մըխայէլի Սասունցիներու ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի աւանդական հաւաքոյթ, որ յատկանշուեցաւ իր տոհմիկ մթնոլորտով եւ հայկական աւանդութիւններու ներկայացումով:

Բարի գալուստի խօսքը ուղղեց Սոնա Ասատուրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` Միջինքի աւանդական հաւաքին ներկայ գտնուելու համար: Ապա Ասատուրեան ներկայացուց օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեանը, որ ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր տարի, երբ Սասունցիներուն ակումբին մէջ կը կազմակերպուի Միջինքի նմանօրինակ հաւաք, կամովին կը յիշենք այն համեստ կիները, որոնց աշխատանքին շնորհիւ իրականութիւն կը դառնան այս ձեռնարկները:

Սասունի հայրենակցական միութեան եւ միութեան երիտասարդացին խօսքը փոխանցած Սեւան Կարապետեան-Ադամեան հաւաքին ընթացքին նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Միջինքի սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն մասին: Ան ցաւ յայտնեց ներկայիս արեւմտեան արժէքներու եւ սովորութիւններու որդեգրումին համար` միաժամանակ կարեւոր նկատելով հայկական սովորութիւններուն վերադարձը, որովհետեւ հայութիւնը իրապէս լաւ աւանդութիւններու եւ արժէքներու կրողն է:

Հայկական տոհմիկ երաժշտութեան մեղեդիներուն ներքեւ խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին: Սեւան Կարապետեան-Ադամեան կատարեց «Սասնայ աղջիկ» երգը եւ Սասնոյ, Մշոյ դաշտի ու Տարօն աշխարհի երգերու շարք մը: Մարօ Սարգսեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Հրաշք հոգեգալստի» քերթուածը:

Քաջալերուելով խանդավառ մթնոլորտէն նուիրատուութիւններ կատարուեցան Սասնոյ հայրենակցական միութեան սաներու ֆոնտին: Կատարուեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:

 

 

Նախորդը

ՌԱԼՖ ԵԻՐԻԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ Է «ԵՐԵՒԱՆԻ ԶԻՆԱՆՇԱՆ» ՅՈՒՇԱՄԵՏԱԼՈՎ

Յաջորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑԱԾ Է ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԸ ՃՆՇԵԼՈՒ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ

RelatedPosts

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները.  Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը
Գաղութային

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները. Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը

November 26, 2026
«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։