Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլիվուտ Առաջարկած Է Ալիեւի Եւ Էրտողանի Մասին Քարոզչական Ժապաւէններ Նկարահանել Նիւթական Գումարի Դիմաց

March 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

«Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ի (OCCRP) հետաքննող լրագրողներու խումբը  բացայայտած է, որ Հոլիվուտի արտադրողներէն մէկը ծրագրած է քարոզչական ժապաւէններ նկարահանել` փառաբանելով քանի մը բռնապետ ղեկավարներ, միլիոնաւոր տոլարի դիմաց:

Ուքրանական ծագումով, ներկայիս ԱՄՆ քաղաքացի Իկոր Լոփաթեոնոք, օսքարակիր ժապաւէնի բեմադրիչ Օլիվըր Սթոնի հետ համագործակցութեամբ, նախ Ուքրանիոյ մասին նկարահանած է վաւերագրական երկու ժապաւէններ, որոնք բնութագրուած են իբրեւ «քրեմլամէտ քարոզչութիւն» եւ ութ մասէ բաղկացած չափազանց գովասանական մինի-հաղորդաշար` Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի մասին:

Աւելի՛ն. Լոփաթեոնոք նախատեսած է նկարահանել քարոզչական բնոյթի վաւերագրական քանի մը ժապաւէն` դրական լոյս սփռելով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնապետ ղեկավարներուն վրայ, ուրիշներու շարքին: Այսուամենայնիւ, պարզ չէ, թէ արդեօք Սթոն ներգրաւուա՞ծ է առաջարկուող նախագիծներէն որեւէ մէկուն մէջ: Այդ վաւերագրական ժապաւէններէն ոչ մէկը նկարահանուած է:

OCCRP  յայտարարած է, որ Ալիեւ, Փութին եւ Լուքաշենքօ «կը մեղադրուին իրենց ղեկավարած երկիրներու քաղաքացիներուն դէմ սարսափելի յանցագործութիւններու մէջ… Սակայն հոն, ուր աշխարհը դաժան բռնապետեր կը տեսնէ, Իկոր Լոփաթեոնոք կը տեսնէ (դրամ շահելու) կարելիութիւն», որովհետեւ բռնապետ ղեկավարները պէտք էր վճարէին քարոզչական բնոյթի իրենց վաւերագրական ժապաւէններուն համար, հետեւաբար անոնց դաժան կառավարման մասին խօսք անգամ չէր կրնար ըլլալ:

«Լոփաթեոնոքի փայլուն առաջարկներէն մէկը` «Օլիվըր Սթոնի վաւերագրական անվերնագիր ժապաւէնը», կամ` «Իլհամ Ալիեւի եւ Ազրպէյճանի մասին», կը խոստանայ, որ Սթոն «դէմ առ դէմ  պիտի նստի» ազրպէյճանցի ուժեղ մարդու (Ալիեւի) հետ եւ պիտի պատմէ ոչ միայն «նախագահի` պետութեան ղեկավար դառնալու, այլեւ Ազրպէյճանի գունեղ ու հրապուրիչ պատմութեան բոլոր հարցերուն մասին», կը հաղորդէ OCCRP:

«Լոփաթեոնոք, կարծես, գտած էր խոստմնալից բանաձեւ: Ան հաւաքած էր փոքր խումբ մը բեմագրութեան հեղինակներու եւ արտադրողներու, որոնք կը յօրինէին ժապաւէնի գաղափարներ` բռնապետերուն ներկայացնելու համար, եւ գրաւիչ առաջարկ կ՛ընէին` երկար ժամանակով գտնուիլ պաստառին վրայ աշխարհահռչակ բեմադրիչին (Օլիվըր Սթոնի) հետ: Գործընթացը «դրամական գումարի վերածելու» բանալին պարզ էր, ըսաւ խումբին հետ աշխատող աղբիւրը` համաձայնելով խօսիլ լրագրողներու հետ գաղտնի մնալու պայմանով: Լոփաթեոնոք հասկցաւ, թէ ինչպէ՛ս հզօր մարդոց պէտք է առաջարկէր բան մը, որուն անոնք չէին կրնար դիմադրել. օրինականութիւն` համաշխարհային հարթակի վրայ», գրած է OCCRP:

«Օլիվըր Սթոնի վաւերագրական ժապաւէնի համար Ալիեւի առաջարկին մէջ Լոփաթեոնոք կ՛ընդգծէ, որ նախատեսուած ժապաւէնը «դրական եզակի ազդեցութիւն կ՛ունենայ նախագահին եւ Ազրպէյճանի գովազդին վրայ»: Թէեւ պարզ չէ, թէ Ալիեւ երբեւէ զբաղա՞ծ է այդ առաջարկով, սակայն Եւրասիոյ հարցերով փորձագէտը նշած է, որ այդ  համահունչ կ՛ըլլայ ուժեղ մարդու նախկին ջանքերուն` իր վարչակարգը ներկայացնելու իբրեւ տարածաշրջանի մէջ ուժական, արդիականացնող ազդեցութիւն ունեցող: «Կը կարծեմ, որ այս կը տեղաւորուի պատկերի մաքրման բոլոր կարելի  ուղիներուն  մէջ` մշակոյթ, մարզախաղ,  աւելի  կարեւորներէն  են` համաշխարհային իրադարձութիւններ, համաշխարհային համաժողովներ», ըսաւ Նիւ Եորքի Պառնարտ քոլեճի քաղաքագիտութեան փրոֆեսէօր եւ Եւրասիական անդրազգային ցանցերու փորձագէտ Ալեքսանտր Քուլին»:

Ակնյայտ է, որ հոլիվուտեան ժապաւէնի բեմադրիչներու կողմէ Ալիեւի մեծութեան մասին նկարահանուած վաւերագրական ժապաւէնը շատ աւելի հաւաստիութիւն կ՛ունենայ, քան` Ազրպէյճանի մէջ արտադրուած աժան քարոզչութիւնը:

«Երբ բռնապետ ղեկավարները հոլիվուտեան փայլք կը ստանան, այդ կ՛ըլլայ յաճախ այն մարդոց հաշուոյն, որոնց վրայ անոնք կ՛իշխեն», կ՛ըսէ Քէյսի Միշել` Մարդկային իրաւունքներու հիմնադրամի աւազակապետութեան դէմ պայքարի ծրագիրին ղեկավարը: Հիմնադրամը տարիներ շարունակ քարոզարշաւ իրականացուցած է, որպէսզի հոլիվուտեան աստղեր դադրին աշխատելէ բռնապետական վարչակարգերու հետ: «Ես չեմ կրնար պատկերացնել, թէ որքա՛ն հիասթափեցնող պէտք է ըլլայ Ղազախստանի պէս երկրի մը քաղաքացիներուն համար` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս այս ամերիկացի բեմադրիչը կու գայ եւ կը դառնայ քարոզչական մունետիկ իրենց բռնապետներուն համար-, ըսած է Միշել: – Այս մարդիկը գիտեն, թէ որքան սարսափելի են իրենց վարչակարգերը, իսկ յետոյ կը դիտեն, որ այս ամերիկացին անկարգելով կ՛իջնէ եւ, ուրեմն, կը կլլէ բռնատէրերու  քարոզչական բոլոր խօսքերը` առանց նոյնիսկ անհանգստանալու եւ ետ մղելու», նշեց OCCRP:

Այս վաւերագրական ժապաւէններու արտադրութեան նիւթական հովանաւորութիւնը պէտք է տրամադրուի բռնապետներու «կամ անոնց մօտիկ մարդոց կողմէ»: 2019-ին, երբ Սթոն եւ Լոփաթեոնոք նկարահանեցին «Ղազախ. ոսկեայ մարդուն պատմութիւնը»  վաւերագրական ժապաւէնը Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի մասին, անոր կողմէ վերահսկուող բարեգործական հիմնադրամը երկուքին վճարեց առնուազն 5 միլիոն տոլար», կը հաղորդէ OCCRP:

OCCRP-ի լրագրողներուն կողմէ ձեռք բերուած փաստաթուղթերը ցոյց տուած են, որ Լոփաթեոնոքի «խումբը  պատրաստած է առնուազն վեց այլ բռնապետական կառավարութիւններու մասին հաւանական ժապաւէններու բեմագրութիւններ, ներառեալ` Չինաստանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Ռուսիոյ Թաթարստանի հանրապետութիւնը, ինչպէս նաեւ Ալիեւի եւ Լուքաշենքոյի ուղղուած առաջարկներ, խոստանալով, որ Սթոն  հարցազրոյց կը վարէ անոնց  ղեկավարներուն հետ եւ կ՛օգնէ անոնց պատմելու «ճշմարիտ պատմութիւնը»:

Լոփաթեոնոքի խումբը առաջարկած է, որ Ալիեւի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Սթոն քննարկէ «երկրին «յաջողութիւնը» Ալիեւներու ընտանիքի «ժառանգական իշխանութեան» ներքոյ եւ անոր շարունակական հակամարտութիւնը «Հայաստանի հետ, որ կը կորսնցնէ իր կայունութիւնը եւ կը տատանի անդունդի եզրին»: Առաջարկուող ժապաւէնի ամփոփումէն պարզ կը դառնայ Լոփաթեոնոքի մօտեցման ուղղուածութիւնը, որով Ալիեւ կը նկարագրէ իբրեւ իր հօր` նախորդ նախագահին «արժանի ժառանգորդ», որ անոր սորվեցուցած էր ըլլալ «իմաստուն ղեկավար»: «Արդեօք կրնա՞ք Ազրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունեցող պետական համակարգը անուանել «անձի պաշտամունք», թէ՞ այդ պարզապէս ժողովուրդին յարգանքի տուրքն է ղեկավարի մը նկատմամբ, որ կրցաւ աղքատ երկիրը վերածել ծաղկող եւ բարգաւաճող երկիրի»:  Ըստ OCCRP-ի, Ալիեւի մասին ժապաւէնին գինն է 15 միլիոն տոլար:

2021-ին, Պաքու կատարած այցի ժամանակ, Լոփաթեոնոք ատրպէյճանական լրատուական միջոցներուն ըսաւ. «Այս երկիրը (Ազրպէյճանը) ունի շատ հարուստ եւ գունեղ մշակոյթ: Երբ ես հոս էի 2012-2013 թուականներուն, սորվեցայ տարբերել ղարաբաղեան գորգերը միւսներէն` նոյնացնելով (զանոնք) իրենց զարդանախշերով: Ազրպէյճանի մասին լաւ ժապաւէն կը նկարահանէի»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասին պատմող ժապաւէնի մէկ այլ բեմագրութիւն կար, որ` «Անոր հնարաւորութիւն կու տար պաշտպանելու թրքական շահերը»: Ահա թէ ի՛նչ կ՛ըսուի բեմագրութեան մէջ. «Էրտողան թուրք է, եւ դժուար թէ անհրաժեշտ ըլլայ անոր` իր գործողութիւնները հիմնաւորել այլ երկիրներու շահերով: Բայց ի՞նչ շահեր ունի ան: Կրնա՞յ  վերականգնել Մետաքսի մեծ ճամբան: Եւ արդեօք  ունի՞ ծաւալապաշտական ծրագիրներ: Ինչի՞ կը փորձէ հասնիլ Էրտողան: Այս հարցերուն ինք պէտք է պատասխանէ: Եւ` միայն ինք: Մենք պէտք չէ փորձենք գուշակել (Էրտողանի ծրագիրները) սուրճի գաւաթով, նոյնիսկ եթէ թրքական հիանալի սուրճ է, որ անոնք գիտեն պատրաստել միայն Սթամպուլի մէջ»:

«2018-ին տուած հարցազրոյցի մէջ Իպրահիմ Քալըն, որ այդ օրերուն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսնակն էր, հաստատեց, որ իրենք Էրտողանի մասին վաւերագրական ժապաւէնի առաջարկ ստացած են մօտաւորապէս այն ատեն, երբ Սթոն Թուրքիա կը գտնուէր: «Մենք զայն քննարկելու ընթացքի մէջ ենք, մենք զայն կը գնահատենք, ըսաւ ան», կը հաղորդէ OCCRP:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Ուրկէ՞ Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – 4. Սահմաններէն Անդին` «Անելիքներ»

Յաջորդը

Պահեցողութիւն

RelatedPosts

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Սպայ»-ի Բարձր Կոչումին
Անդրադարձ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Սպայ»-ի Բարձր Կոչումին

October 14, 2026
Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.