Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գործակցութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի. Դաշնակցական Երէց Պատանիներու Բանաւոր Արտայայտութեան Մրցում

February 20, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ գործակցութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի, շաբաթ, 17 փետրուար 2024-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատանեկան միութիւններու երէց պատանիներու բանաւոր արտայայտութեան մրցումը, որուն մասնակցեցան 21 պատանիներ:

Մրցումի դատական կազմին մաս կը կազմէին «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամներ` Թաթուլ Գարտանաքեան եւ Շաղիկ Յարութիւնեան:

Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Շաղիկ Չամիչեան, որ նշեց, թէ այս իւրայատուկ նախաձեռնութեան նպատակն է քաջալերել ու զարգացնել` բանաւոր արտայայտութիւնը, անսխալ հայերէնի խօսակցութիւնը, յստակ միտքեր արտայայտելու կարողութիւնը եւ ճիշդ առոգանութեան գործածութիւնը: Չամիչեան նաեւ ներկայացուց մրցումին կարգն ու օրէնքները:

Ապա պատանիներ վիճակաձգութեամբ ընտրեցին իրենց նիւթերը, որոնց մասին ներկայացուցին իրենց մտածումները: Նկատի առնելով բանաւոր արտայայտութիւններուն լեզուն, միտքն ու առոգանութեան ձեւը` դատական կազմը 21 պատանիներէ ընտրեց 5 պատանիներ, որոնք երկրորդ փուլով դարձեալ բեմ բարձրացան եւ որոշ նիւթերու շուրջ արտայայտուեցան: Ընդհանուր արդիւնքներու լոյսին տակ ընտրուեցան մէկ առաջին, մէկ երկրորդ եւ երկու երրորդ դիրքի արժանի պատանիներ: Մրցանակակիրները արժանացան արժէքաւոր նուէրներու:

Այս առիթով, դատական կազմի անունով խօսք առաւ Վիգէն Աւագեան: Ան առաջին հերթին գնահատեց նախաձեռնութիւնը եւ մաղթեց, որ նմանօրինակ մրցումները կը շարունակուին, որպէսզի պատանիները ձեռք բերեն համապատասխան փորձառութիւն, ինչ որ օգտակար պիտի ըլլայ ռատիօհաղորդումներու եւ յատկապէս երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան աշխատանքին համար: Աւագեան նշեց, որ պատանիներու առաջին մասնակցութեան վերաբերեալ դատական կազմին տպաւորութիւնները դրական եւ յուսադրիչ են, եւ այս մթնոլորտին շարունակականութիւնը գլխաւոր գրաւականն է նոր մարդուժի` բանաւոր խօսքին տիրապետող ապագայ լրագրողներու, խօսնակներու, բանախօսներու եւ վարիչներու պատրաստութեան:

Աւարտին ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ի ատենապետ Րաֆֆի Տեմիրճեան ըսաւ, որ հայերէն բանաւոր արտայայտութեան մրցումը առաջին քայլն է, որ մեկնարկը պիտի հանդիսանայ «Վանայ Ձայն»-ի պատանեկան «Կորիւն» յայտագիրի վերսկսումին եւ լսատեսողական ծրագիրներու կազմակերպման` յոյս յայտնելով, որ պատանիները պատասխանատուութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած աշխատանքները:

Նախորդը

Դասախօսութիւն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանին Մէջ «Առողջ Միտք` Առողջ Մարմինի Մէջ» Նիւթով

Յաջորդը

«Շնորհալի» Երգչախումբը Համերգով Նշեց Իր Հիմնադրութեան 50-Ամեակը

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

November 14, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

«Լիբանանահայ Գիրքի Պատմական Ուղին Եւ Հրատարակչական Հոլովոյթը» Խորագիրով Կլոր-Սեղան Քննարկում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

November 14, 2026
Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ
Գաղութային

Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.