«Ազդակ»-ի առցանց բաժինի աշխատակիցները երկուշաբթի երեկոյեան ունեցան առցանց նիստ մը։ Կը մասնակցէին «Ազդակ»-ի տնօրէնը, «Ազդակ»-ի առցանց լսարանները համակարգող եւ «Ազդակ»-ի եութիուպեան ալիքը վերահսկող Մինաս Հանս Քէհեան (Երեւան), «Ազդակ»-ի կայքի ձեւաւորման պատասխանատու Սէրուժ Պաղտասարեան (Երեւան), «Ազդակ»-ի նիւթերը ընկերային ցանցերու վրայ տարածող Գէորգ Պուտագեան (Պէյրութ) եւ տարբեր հարթակներու վրայ ընթերցող լսարանի թիւի աճի եւ թուային վիճակագրութեան հետեւող Քրիս Ժապպուր (Մարսէյ)։
Խորհրդակցական հանդիպումը քննարկեց «Ազդակ»-ի նիւթերը առցանց տարածքներու վրայ յաւելեալ թափով տարածելու կարելիութիւնները։ Այս առումով նկատի առնուեցան ընկերային ցանցի իւրաքանչիւր հարթակի թիրախային խաւերը եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար նիւթի մատուցման ձեւերը։
Արձանագրուեցաւ, որ այս աշխատախումբի ցանցային համակարգումը եւ յատկապէս նիւթերու բովանդակութեան պահպանումով մատուցման նոր եղանակներու որդեգրումը «Ազդակ»-ին ապահոված են ընթերցող լսարանի նոր թիւեր։ Այդ նոր թիւերուն մէջ, ըստ վիճակագրութեան, զգալի է երիտասարդ խաւի առկայութիւնը։
Կը նախատեսուի «Ֆեյսպուք»-ի , Եութիուպի եւ Ինսթակրամի հարթակներուն առընթեր աշխուժացնել «Ազդակ»-ի «Էքս»-ի էջը եւ հաստատել «Ազդակ»-ի թելեկրամեան ալիքը:


