Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Էմպիիտ 70 Կէտ Նշանակեց

January 24, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ Ֆիլատելֆիայի դաշտին վրայ նշանակուեցան այս տարեշրջանի ամէնէն շատ կէտերը Ժոել Էմպիիտի կողմէ, որ յաջողեցաւ 70 կէտ նշանակել ի նպաստ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի, որ պարտութեան մատնեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը` 133-123 արդիւնքով: Ֆիլատելֆիայի շապիկով անոր 70 կէտերը նոր մրցանիշ մըն էին բարելաւելով Ուիլթ Չեմպըրլէյնի նախկին մրցանիշը` 68 կէտ, զորս վերջինս նշանակած էր 16 դեկտեմբեր 1967-ին:

«Իրականութեան մէջ ես ինձմէ ջղայնացած էի, որովհետեւ կորսնցուցի մեծ թիւով դիւրին կողովներ, զորս չէին փախցներ ամբողջ տարեշրջանին», ըսաւ Էմպիիտ:

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցանիշ արձանագրած Չեմպըրլէյն: որ 100 կէտ նշանակած էր մրցումի մը ընթացքին (1962-ին) մաս կը կազմէր Ֆիլատելֆիա Ուորիըրզի: 1965-ին ան միացած էր Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի:

Մրցակից Սան Անթոնիօ Սփըրզի ֆրանսացի սենթըր Վիքթոր Ուեմպանեամա 33 կէտ նշանակեց եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց 2 հսկայ սենթըրներու ճակատումին: Էմպիիտ 2,13 մեթր է իսկ «Ուեմպի»` 2,24 մեթր:

Էմպիիտ իր ասպարէզի ամէնէն շատ ռիպաունտներն ալ ձեռք ձգեց` արձանագրելով 18 ռիպաունտ:

Էմպիիտի երէկուան հերոսական ելոյթը շուքի մէջ ձգեց Մինեսոթայի մէջ տեղի ունեցած Թիմպըրվուլվզի եւ Չարլոթ Հորնեթցի մրցումը, ուր Քարլ-Անթոնի Թաունզ 62 կէտ նշանակեց:

Թաունզ, որ սենթըր եւ փաուըր ֆորուըրտ դիրքի վրայ ելոյթներ կ՛ունենայ, իր կարգին Էմպիիտի նման հասակ ունի, բայց չկրցաւ վերջին մասին օգնել իր խումբին, որ իր դաշտին վրայ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Հորնեթցէն` 125-128 արդիւնքով:

Լա Մելօ Պոլ 18 կէտ եւ 13 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Չարլոթի, որ 18 կէտով ետ մնացած էր, բայց կրցաւ 3 կէտով յաղթել:

«Անձնական մրցանիշը պարապ բան է, երբ խումբը կը պարտուի», ըսաւ յուսախաբ Թաունզ:

Պոսթըն Սելթիքս Թեքսասի մէջ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել տեղւոյն Տալաս Մեւրիքսը` 119-110 արդիւնքով:

Ճէյսըն Թէյթըմ, որ վերջերս լաւ մակարդակի վրայ չէր, կրցաւ Ճէյլըն Պրաունի հետ պարտութեան մատնել Լուքա Տոնչիչ – Քայրի Ըրվինկ զոյգը:

Պոսթըն աւելի «մրցումի մթնոլորտի մէջ էր, քան Տալաս, որ 4 օրէ մրցում չէր կատարած:

Թէյթըմ 39 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ճէյլըն Պրաուն աւելցուց 35 կէտ ի նպաստ Պոսթընի:

Տոնչիչ 33 կէտ, ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ կատարեց, մինչ Քայրի 23 կէտ նշանակեց:

13 տարի «Օլ Սթար»-ի խաղի մասնակից Քեւըն Տիւրենթ «փրկեց» Ֆինիքս Սանզը` նշանակելով յաղթանակի կէտերը (115-113) Շիքակօ Պուլզի դէմ մրցումին: Շիքակօ, որ 23 կէտերով կը յաղթէր մրցումի երկրորդ կիսախաղին, չկրցաւ կասեցնել Քեւըն Տիւրենթի յառաջխաղացքը: Տիւրենթ 43 կէտ նշանակեց` արձանագրելով 8 էսիսթ եւ 3 ռիպաունտ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 133-123
Օրլանտօ Մեճիք – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 99-126
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Միլուոքի Պաքս 113-122
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 100-108
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Չարլոթ Հորնեթց 125-128
Տալաս Մեւրիքս – Պոսթըն Սելթիքս 110-119
Ֆինիքս Սանզ – Շիքակօ Պուլզ 115-113
Աթլանթա Հոքս – Սաքրամենթօ Քինկզ 122-107

 

Նախորդը

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Լիբանան Դուրս Մնաց. Սուրիա Անցաւ Յաջորդ Հանգրուան

Յաջորդը

Տուպայի 33-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պէյրութ Ֆըրսթ

RelatedPosts

Նշմար.  Երազ, Աշխատանք, Արդիւնք
Մարզական

Նշմար. Երազ, Աշխատանք, Արդիւնք

October 10, 2026
Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  29 Նոյեմբերին` «Սփինիս Մարաթոն»-ի Մրցումը
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. 29 Նոյեմբերին` «Սփինիս Մարաթոն»-ի Մրցումը

October 10, 2026
Հեծելարշաւ.  Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.