Ազրպէյճանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբը յայտարարութիւն հրապարակած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախանցեալ օրուան բանաձեւին կապակցութեամբ` կոչ ուղղելով կառավարութեան պատժամիջոցներ կիրարկելու Ֆրանսայի դէմ, սառեցնելու Ազրպէյճանի մէջ ֆրանսացի պաշտօնեաներու դրամատնային հաշիւները, դադրեցնելու տնտեսական կապերը Ֆրանսայի հետ եւ ֆրանսական բոլոր ընկերութիւնները դուրս բերելու Ազրպէյճանէն:
Ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, յանձնախումբը հակաազրպէյճանական գնահատած է Ֆրանսայի վարած քաղաքականութիւնը:
Ընդգծելով Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներուն մէջ Ազրպէյճանի դէմ ընդունուած բանաձեւերը` յանձնախումբը նշած է, թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կը գտնուին պատմութեան մէջ ամէնէն ցած մակարդակին վրայ, «ըստ էութեան, կրնան նկատուիլ կասեցուած»:


