Աւանդութիւն է ամէն տարի նշել 1890-ին հիմնուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձը, Դաշնակցութեան օրը:
Այս տարի կուսակցութեան հիմնադրութեան 133-ամնակն է: Ամէնուրեք հայրենասէր հայեր կը փութան ներկայ գտնուելու այս առիթով տեղի ունեցող ոգեկոչման ձեռնարկներուն` իրենց ներկայութեամբ հաստատելու իրենց սէրն ու յարգանքը յոբելեարին հանդէպ, արտայայտելու իրենց վստահութիւնն ու հաւատարմութիւնը` անոր դաւանած ազգային սկզբունքներուն, նպատակներուն, աշխարհայեացքին:
Բայց մանաւանդ` փաստը տալու իրենց դաշնակցութի’ւնը անոր հետ, որ ամրակուռ ու անխզելի է 133 տարի, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը հայութեան հարազա’տ ծնունդն է. ծնունդ առաւ, որ վերջ դնէ անոր դարաւոր տառապանքին. մաքառեցաւ ու զոհաբերեց, որպէսզի հայրենիքը ազատագրէ, ազգին վիրաւորուած արժանապատոութիւնը վերականգնէ, անոր մարդկային ու ազգային կեղեքումի վերջ տայ: Ա. Համաշխարհային պատերազմ տարիներուն, երբ Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ էր, կամաւորական խումբեր կազմեց, հերոսամարտեր մղեց. ապա Սարդարապատ կերտեց: Ազատ ու անկախ պետականութիւն հիմնեց, սփիւռք կազմակերպեց ու Հայ դատ հետապնդեց, Արցախի ազատագրութեան յառաջապահ մասնակիցը դարձաւ. հայոց ցեղասպանութեան միջազգայնացման ճամբուն վրայ նորօրեայ հերոսներ ու նահատակներ ունեցաւ, հսկայական ճիգ թափեց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար. միջազգային լռութեան վերջ տուաւ, որուն արդիւնքը եղաւ այն, որ բազմաթիւ պետութիւններ եւ կամ անոնց խորհրդարաններ ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Տակաւի՛ն, Հայաստանի եւ Արցախի պետութիւնները հզօրացնել ու քրտնաջան աշխատանք տարաւ:
Իր գաղափարախօսութեամբ ու բազմաբնոյթ գործունէութեամբ Դաշնակցութիւնը կերտեց հայ մարդու նո՛ր տեսակ մը` խիզախ ու անվեհեր, անձնուէր ու գաղափարի տէր, պայքարող ու զոհաբերող, ազգի ու հայրենիքի շահը անձնականէն վեր դասող:
Առաւելապէս հայու այս տեսակն է Դաշնակցութեան թեւ ու թիկունք կանգնողը, կուսակցութեան ուժի յենարանը:
1890-էն ցայսօր, իր գոյութեան եւ գործունէութեան երկար ժամանակաշրջանին փոփոխութեան ենթարկուած է Դաշնակցութեան ծրագիրը, բայց անփոփոխ մնացած է անոր ազգային, յեղափոխական, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական էութիւնը:
Դաշնակցութիւնը 133 տարի անընդմէջ ու անսակարկ կը շարունակէ գործել յանուն հայութեան քաղաքական դատին եւ հայաստանի պետականութեան հզօրացման:
Թիւրիմացութեան մէջ են Հայաստանի մէջ անոր գործունէութիւնը «իշխանամէտ» որակողները: Միտումնաւոր կերպով թէ միամտաբար այդպէս դատողներուն պէտք է բացատրել ու հասկցնել, որ Դաշնակցութիւնը էապէս եւ գործնապէս պետականամէտ ու հայամէտ կուսակցութիւն է:
Իրեն համար ըսեր են, ըսին ու կ՛ըսեն, որ իբրեւ թէ ան ընելիք չունի: Այդպէս ըսողները ինքնախաբէութեան մէջ են, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ գործել:
Ան ունեցէ՛ր է ընելիք, որ գոյատեւեր է աւելի քան130 տարի, ունի՛ ընելիք այսօր, երբ մռայլ է ազգային-քաղաքական կեանքը:
Կ՛ունենա՛յ ընելիք ապագային ալ, այնքան ատեն որ չէ իրականացած հողահաւաքի եւ հայահաւաքի իր տեսլականը:
Արցախի անկախ պետութեան կորուստին ու հայաթափումին պատճառով այս տարուան Դաշնակցութեան օրուան առիթով տեղի ունեցող ոգեկոչման ձեռնարկները հեռու են տօնական ըլլալէ, բայց, ինչպէս միշտ, գօտեպնդող են իրենց պատգամներով:
Արցախի հարցով Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները սխալ քաղաքականութիւն վարեցին: Հայաստանի ընդդիմադիր շարժումին մէջ յառաջապահ դիրքէն Դաշնակցութիւնը իր «Ո՛չ»-ը արտայայտեց գործնապէս եւ ուժգնօրէն: Սակայն իշխանութիւնները ականջալուր չեղան: Արցախէն ետք, երբ թշնամին կը ծրագրէ Հայաստանր կլանել ու թրքացնել, երբ կը սպառնայ անոր ազատ ու անկախ գոյութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, վհատելու փոխարէն` պէտք է արիանալ, միահամուռ բռունցք դառնալ:
Իսկ ո՞վ պիտի չուզէ զօրավիգ կանգնիլ Դաշնակցութեան` ազգի եւ հայրենիքի դժուարագոյն, ճգնաժամային կացութեան ներկայ հանգրուանին: Հայ ժողովուրդը իր լաւագոյն զաւակները տուած է այս կուսակցութեան, մանաւանդ`ազգի ու հայրենիքի ամէնէն դժնդակ ու ճակատագրական ժամանակներուն:
Կա՞յ հայ, որ դէմ ըլլայ Դաշնակցութեան ազգային, քաղաքական, ընկերային առաջադրանքներուն:
Իրեն եկած են ու կու գան հայ հարուստն ու աղքատը, մշակն ու մտաւորականը, գրագէտն ու գիտնականը, բարձրաստիճան զինուորականն ու հոգեւորականը, հայ կինն ու պարմանուհին: Կա՞յ ասկէ աւելի համոզիչ փաստ, որ ան հայ ժողովուրդի բազմախաւ հատուածներուն կուսակցութիւնն է:
Աշխատաւոր հայը հաւատացեր է անոր գաղափարին, որովհետեւ ան աշխատանքի` դատի պաշտպան կուսակցութիւն է:
Ազգասէր հայը, մանաւանդ` սփիւռքի տարածքին, վստահեր է անոր, որովհետեւ հաստատ համոզումը ունեցեր է, որ զայն իր կողքին պիտի գտնէ ամէն անգամ, երբ անապահովութիւն տիրէ իր շուրջ, եւ քաղաքական կեանքը փոթորկի անորոշ ելեւէջներով:
Դժբախտաբար ազգին ներկայ օրերը գեղեցիկ չեն նաեւ ներազգային ճակատի վրայ` նոյնպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններուն վարած անհեռատես քաղաքականութեան պատճառով: Լրջօրէն խաթարուած եւ խեղաթիւրուած կը ներկայանայ սփիւռք-Հայաստան ներդաշնակ ու հաւասարակշիռ համագործակցութեան պատկերացումը, որուն պատճառով ճեղք տուած է համազգային միասնականութիւնը, որ անհրաժեշտ է աւելի քան երբեք:
Ներկայիս հակադիր երկու քաղաքական ուղղութիւններ կը տիրեն հայութեան մէջ: Պարտուողականութեան ու պայքարի գիծերը չե’ն կրնար զուգահեռ ընթանալ: Պարտուողական, կեղծ խաղաղասիրական գիծը կորուստ ու կործանում կը բերէ, իսկ պայքարի ճամբան ուշ կամ կանուխ կ՛աւարտի յաղթանակով:
Եկէք` մերժենք պարտուողականութիւնը, միանանք պայքարի ճակատին, որպէսզի յաղթանակ ապահովենք մեր ազգին, վերադարձնենք Արցախը, առաջ տանինք հայկական պահանջատիրութիւնն ու Հայ դատը: Դաշնակցութիւնը շեղողը չէ իր նպատակէն, հրաժարողը չէ իր գաղափարախօսութենէն:
Ազգային գերխնդիրներու վերաբերեալ յուսահատութիւնն ու անտարբերութիւնը, որքան ալ համայնական ու համատարած երեւոյթ ըլլան, Դաշնակցութեանը չեն, որովհետեւ ան պարտութեան հետ չի՛ հաշտուիր, կը հաւատայ յարատեւ պայքարին ու յաղթանակին: Իսկ յարատեւ պայքարողը չի՛ յուսահատիր, նպատակասլացը չի՛ յոգնիր պայքարելէ: Այսպիսին է Դաշնակցութիւնը` հայ ժողովուրդին ասպետութիւնը:
Ան հրաժարողը չէ մանաւանդ հայրենիքի` ամբողջական եւ միացեալ Հայաստանի իր տեսլականէն, պիտի գայ օրը, եւ անիկա պիտի իրականանայ: Անոր այս տեսլականը` ոմանց համար կրնայ երազատեսական, ոմանց համար անիրատեսական թուիլ, բայց ամէն հայու հոգիին մէջ ծուարած է այդ նպատակը, այլապէս Դաշնակցութիւնը, հարազատ արտայայտիչը ըլլալով հայ մարդու հոգիին ազգային ամէնէն վեհ իղձերուն, հայ ժողովուրդին անհարազատ տենչանքներ չի փայփայեր, զանոնք իր ծրագրին մաս չի դարձներ երբեք:
Եւ Դաշնակցութեան ճամբան ետդարձ չի ճանչնար, կ՛ընթանայ յառաջ, երբ մանաւանդ հայութեան գիտակից ու հայրենասէր հատուածը անոր թեւ ու թիկունք է:
Արդ, չվախնանք անոր հետ մարտի ելլելէ, չերկնչինք թշնամիէն, չվհատինք ի տես հայութեան հանդէպ աշխարհի անարդարութեան, միջազգային հանրութեան քար անտարբերութեան:
Թէեւ անընդունելի, բայց իրականութիւն է, որ պետութիւնները կը գործեն շահադիտական հաշիւներով:
Միայն իր սեփական ուժին հաւատացողը կրնայ աննկուն մնալ, եւ անվախ, նաեւ` գիտակից կուրծք պարզել մարտահրաւէրներուն:
Ձեռք ձեռքի տանք, համախմբուինք Դաշնակցութեան գաղափարներուն եւ գործին շուրջ, մե՛րը ընենք անոր հայրենակերտման ու ազգային ամբողջականութեան գաղափարները, որպէսզի յաղթանակէ հայը, գոյատեւէ հայրենի պետականութիւնը, հզօրանայ ու բարգաւաճի հայ ազգը:
Դաշնակցութեան պատգամը իր 133-րդ ամեակին առիթով մէկն է. ո՛վ հայ ժողովուրդ, քու միակ փրկութիւնը քու հաւաքական ուժին մէջ է:



