Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Մարգարայի անցակէտը ամբողջութեամբ նորոգուած է եւ արդէն պատրաստ է շահագործման: «Արմէնփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի տեղակալ Կարէն Թամազեան:
«Մաքսային թեքնիք միջոցներու, անձնագրային հսկողութեան, նաեւ սահմանապահներու մասով բոլոր ենթակառոյցները պատրաստ են, որպէսզի ուղեւորային սպասարկումը պատշաճ կատարուի», ըսած է Կարէն Թամազեան:
Թուրքիան 1993 թուականին միակողմանիօրէն փակած է Հայաստանի հետ օդային եւ ցամաքային սահմանները: Հայաստանն ու Թուրքիան դեկտեմբեր 2021-ին յայտարարած են, որ պատրաստ են յարաբերութիւններու կարգաւորման յստակ քայլերու ձեռնարկելու: Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով Հայաստանն ու Թուրքիան նշանակած են յատուկ ներկայացուցիչներ:
1 յուլիս 2022-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները Վիեննայի մէջ համաձայնութիւն գոյացուցած են ապահովելու Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը անցնելու կարելիութիւն համապատասխանաբար Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար եւ որոշած են սկսիլ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ հոլովոյթները:


