Միացեալ Նահանգներ կը հաւատան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման կարելիութեան: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթել` պատասխանելով Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ խորհրդական Լուի Պոնոյի Հարաւային Կովկաս կատարած այցելութեան լոյսին տակ կողմերուն միջեւ խաղաղ հոլովոյթին վերաբերեալ ձեռք բերուած յառաջընթացի մասին հարցումին:
«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւնը կարելի է: Ասիկա բան մըն է, որուն վրայ վարչակազմը պիտի շարունակէ աշխատիլ: Համակարգող Լուի Պոնոն, արտաքին գործոց նախարարը եւ ուրիշներ կը շարունակեն աշխուժօրէն ներգրաւուած ըլլալ ատոր մէջ», ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ Լուի Պոնօ 8 յունուարին այցելած էր Երեւան: Այցելութեան ընթացքին քննարկուած էին հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր:


