Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Անթունիէ 100-73

November 18, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի գիշեր, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը անմոռանալի խաղէ մը ետք կրցաւ 100-73 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը ապահովել Անթունիէի դէմ մրցումին:

Անթունիէ, որ նախապէս ախոյեան Ռիատին անակնկալի բերած էր (2-րդ հանգրուանին) Մանարայի մէջ, մրցումի սկիզբը օգտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի դանդաղ ու կորսուած վիճակէն եւ առաջին մասին 1 կէտով յառաջ անցաւ:

Ուոլթըր Հոճի բացակայութիւնը զգալի էր, բայց Ժատ Խալիլ հետզհետէ կրցաւ խաղը «բաժնլ» եւ յարձակումներ կազմակերպել, եւ 2-րդ մասին արդէն ՀՄԸՄ-ի տղաքը կը սուրային: Փայլող մարզիկներուն կարգին էին Ժերար Հատիտեան եւ Կերի Չիւիչեան: Վերջինս առաջին անգամ ըլլալով առիթ ունեցաւ քիչ մը աւելի երկար խաղալու եւ համակիրներուն օգնութեամբ իր դիպուկ 3 կէտնոց հարուածները սկսաւ նշանակել` 2-րդ մասը 30-16 արդիւնքով յաղթելով: Կիսախաղ` 46-33:

3-րդ մասին նոյն ընթացքը շարունակուեցաւ, եւ կրնանք ըսել, որ ամէն ձեւով տղաքը կրցան տիրապետել մրցակիցի մը վրայ, որ 3 օտար մարզիկներով կը խաղար: Մեր տեղացի մարզիկները (74 կէտ) եւ համակիրները աւելի նշանակեցին, քան Անթունիէի լման խումբը:

4-րդ մասին մարզիչ Ճէ Մըժաէս դաշտ ներկայացուց նաեւ մեր բոլոր տղաքը, որոնք (11 մարզիկ) բոլորն ալ իրենց կարելին տուին ՀՄԸՄ-ի համար:

Ամէնէն աւելի կէտերը նշանակեց Կերի Չիւիչեան, որ 28 վայրկեանի ընթացքին 22 կէտ նշանակեց (5 հատ 3 կէտնոց), 1 էսիսթ, 1 ռիպաունտ, 2 սթիլ եւ 1 պլոք կատարեց: Ժերար Հատիտեան 16 կէտ նշանակեց, 9 ռիպաունտ, 2 սթիլ եւ 2 պլոք կատարեց: Տուէյն Ճեքսըն 14 կէտ նշանակեց, 9 ռիպաունտ, 2 էսիսթ եւ 3 պլոք կատարեց: Ժատ Խալիլ 14 կէտ նշանակեց (3 կէտնոց), 6 էսիսթ եւ 1 սթիլ կատարեց, Ճիմի Սալեմ 12 կէտ նշանակեց եւ ձեռք ձգեց 7 ռիպաունտ, Ռաֆայէլ Փութնի 12 կէտ նշանակեց 6 ռիպաունտ, 2 պլոք, Սերուժ Աւետիսեան 9 վայրկեան մասնակցեցաւ, նշանակեց 8 կէտ, Միհրան Պէրպէրեան 1 վայրկեան խաղցաւ, նշանակեց 2 կէտ, Կեպի Աճեմեան 10 վայրկեան մասնակցեցաւ, ձեռք ձգեց 3 ռիպաունտ, 1 էսիսթ եւ 1 սթիլ, Թանիոս Աքիքի 6 վայրկեան մասնակցեցաւ, 3 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ 1 էսիսթ, իսկ Գէորգ Գէորգ 4 վայրկեան դաշտ ներկայացաւ:

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 26 նոյեմբերին, Անդրանիկի դաշտին վրայ, եթէ անշուշտ փոփոխութեան չենթարկուի ֆետերասիոնին կողմէ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան Ոսկի Մետալակիր

Յաջորդը

Նեթանիահու Էրտողանը Մեղադրած Է Ահաբեկչութեան Աջակցելու Յանցանքով

RelatedPosts

Նշմար.  Ֆութպոլը Եւ Թուաբանական Հաշիւները
Մարզական

Նշմար. Ֆութպոլը Եւ Թուաբանական Հաշիւները

February 25, 2026
Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջկանց Խումբը Կը Հասնի Բ. Հանգրուան
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջկանց Խումբը Կը Հասնի Բ. Հանգրուան

February 25, 2026
Փինկ Փոնկ.  Տարուան Առաջին Մրցաշարքերը
Մարզական

Փինկ Փոնկ. Տարուան Առաջին Մրցաշարքերը

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.