«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները կը շարունակուին, եւ միայն 8 խումբեր մնացին, որ տակաւին պարտութիւն չեն կրած: Արեւմտեան շրջանէն Տալաս Մեւրիքս, Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ, Տենվըր Նակեթց եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, իսկ արեւելեան շրջանէն` Ինտիանա Փէյսըրզ, Պոսթըն Սելթիքս, Օրլանտօ Մեճիք եւ Միլուոքի Պաքս:
Շատ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Տալաս Մեւրիքս իր դաշտին վրայ վերջին վայրկեաններուն կրցաւ յաղթել Պրուքլին Նեթցին` 125-120:
Արդարեւ, 22 տարեկան Քեմ Թամըս 30 կէտ եւ 7 ռիպաունտ արձանագրեց, մինչ Սփենսըր Տինուիտի աւելցուց 23 կէտ ի նպաստ Պրուքլինի, որուն մարզիկները 21 3 կէտնոց գնդակներ նշանակեցին: Տալաս իր կարգին 15 3 կէտնոց գնդակներ նշանակեց մեծ մասամբ Լուքա Տոնչիչի շնորհիւ, որ 49 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Քայրի Ըրվինկ 17 կէտ նշանակեց իր նախկին խումբին` Պրուքլինի կողովին մէջ: 2015-ին եւ 2016-ին սլեմ տանքի ախոյեան Զաք Լավինը Շիքակօ Պուլզի հետ 51 կէտ նշանակեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ մրցումին, բայց Փիսթընզ 118-102 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Այլ մրցումի մը, Քեւին Տիւրենթ 26 կէտ նշանակեց եւ 7 էսիսթ կատարեց ի նպաստ իր խումբին` Ֆէօնիքս Սանզի յաղթանակին` Եութա Ճեզի դէմ, 126-104: Էրիք Կորտըն աւելցուց 21 կէտ ի նպաստ Ֆէոնիքսի, որ իր 2-րդ յաղթանակը արձանագրեց 3 մրցումներու ընթացքին:
Ստորեւ` շաբաթավերջի արդիւնքները.
Չարլոթ Հորնէթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 99-111
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տենվըր Նակեթց 104-108
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Եորք Նիքս 120-126
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 105-108
Պոսթըն Սելթիքս – Մայեմի Հիթ 119-111
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 126-122
Շիքակօ Պուլզ – Թորոնթօ Ռէփթըրզ 104-103
Տալաս Մեւրիքս – Պրուքլին Նեթց 125-120
Եութա Ճեզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 120-118
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 97-102
Սաքրամենթօ Քինկզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 114-122
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Շիքակօ Պուլզ 118-102
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Նիւ Եորքնիքս 86-87
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 113-106
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 113-125
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 107-114
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Մայեմի Հիթ 106-90
Ֆէոնիքս Սանզ – Եութա Ճեզ 126-104


