Աշխարհի թիւ 4 թենիսմեն իտալացի Եանիք Սինըր շահեցաւ «Էրսթէ Պանք օփըն»-ը (Աւստրիա)` աւարտականին յաղթելէ ետք թիւ 3 թենիսմեն Տանիիլ Մետվետեւի (Ռուսիա)` 7-6 (9-7), 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով: Մրցումը տեւեց 3 ժամ 4 վայրկեան: Կիսաւարտականին Սինըր դուրս ձգած էր Անտրէ Ռուպլեւը` 7-5 եւ 7-6 արդիւնքով, մինչ Մետվետեւ` յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասը` 6-4, 7-6 (8-6) արդիւնքով:


