Սաժես Յաղթանակով Սկսաւ
Այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Շանվիլ դպրոցի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը պիտի մրցի հիւրընկալ Մարիսթի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը լաւ ձեւով պիտի փորձեն սկսիլ ախոյեանութեան: Ունինք 3 օտար մարզիկներ` Ուոլթըր Հոճ, Տուէյն Ճեքսըն եւ Ռաֆայէլ Փութնի, առաւել ընտիր լիբանանցի եւ լիբանանահայ մարզիկներ` Կապի Աճեմեան, Կերի Չիւիչեան, Ժերար Հատիտեան, Տանիէլ Պաղտատեան, Ժատ Խալիլ, Գէորգ Գէորգ, Սէրուժ Աւետիսեան, Միհրան Պէրպէրեան, Ճիմի Սալեմ եւ Թանիոս Աքիքի:
Տղոցմէ կը սպասուի իրենց առաւելագոյնը տալ եւ կատարել նուազագոյն սխալները` յաղթանակով սկսելու 2023-2024 տարեշրջանը: Մրցումին կարելի է հետեւիլ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակիօրէն:
Երէկ, ախոյեանութեան բացման մրցումին, Սաժես 84-60 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անթունիէն: Սաժես նորակազմ խումբ է` նկատի ունենալով, որ անցեալ շաբաթ Տինամօ խումբը քաշուեցաւ ախոյեանութենէն, բան մը, որ օգնեց Սաժեսի, որ փոխարինէ մարզիչը եւ քանի մը մարզիկներ ձեռք ձգէ Տինամոյէն:
Առաջին մասին ետ մնալէ ետք, կանաչները կրցան տիրապետել եւ վերջին մասին մանաւանդ, Ազիզ Ապտըլմասիհ 11 կէտ նշանակելով օգնեց իր խումբին` Սաժեսի, որ յաղթէ 84-60 արդիւնքով:
Մրցումին առաւելագոյն կէտերը նշանակեցին Սաժեսի ամերիկացի մարզիկ Ճորճ Ուիլիըմզ (18 կէտ) եւ Անթունիէի ամերիկացի մարզիկ Լաքուինթըն Ռոս (18 կէտ): Ազիզ Ապտել Մասիհ, որ 18 կէտ նշանակեց, իր կարգին 3 հատ 3 կէտնոց գնդակներ նշանակեց:


