Ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանը ներկայացնող Մանուէլ Խնձրցեան, որ կը մասնակցի 57 քկ կշիռի մրցումներուն, աւարտական մրցումին պարտութիւն մը կրեց եւ շահեցաւ արծաթէ մետալ: Արդարեւ, Խնձրցեան ռուս Նաչին Մոնկուլի դէմ մրցումին 11-0 հաշուով տեղի տուաւ:
61 քկ կշիռի մրցումներուն, Մեժլում Մեժլումեան 11-0 յաղթելէ ետք Ճիւլիըն Հլեպովի (Միացեալ Նահանգներ), ապա Իվան Հրամիքայի (Ռուսիա), կրցաւ ապահովել պրոնզ մետալը:
Հրամիքա 23 տարեկանէն վար աշխարհի թիւ 2 դասուած ըմբիշն է, մինչ Մեժլումեան` 7-րդ:


