Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ պատրաստուելու Ալպանիոյ (8 սեպտեմբեր) եւ Մոնթենեկրոյի (12 սեպտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն:
Նշուեցաւ, որ այս շաբաթասկիզբին սկսած հաւաքը, գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեանի, իր աւարտին պիտի հասնի յառաջիկայ 12 սեպտեմբերին:
Վերոնշեալ երկու մրցումները, որոնք կ՛իյնան «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 2025-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենան Աբովեանի Վահագն Թումասեանի անուան մարզահամալիրին մէջ:


