Փորթուգալցի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Լուիս Ֆիկօ, որ այս շաբաթասկիզբին հասաւ Հայաստան, ներկայ գտնուեցաւ Նոայի կատարած փորձերուն, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ եւ այժմ Նոայի մարզիչ Ռոպերթ Արզումանեան, անոր այս այցելութեան անդրադառնալով եւ լուսանկարներ հրապարակելով անոր մաղթեց բարի գալուստ Նոա ակումբ:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Նոա 12 կէտով կը գրաւէ դասաւորման չորրորդ դիրքը:


