24 օգոստոսէն 3 սեպտեմբեր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ «ՈՒԱՔՕ»-ի Եւրոպայի քիք պոքսինկի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի քիք պոքսինկի ֆետերասիոնին հաւաքականը:
Հաւաքականին մաս կազմեցին Սիւնիք ակումբի վեց մարզիկներ` իրենց գլխաւոր մարզիչ ունենալով Արա Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ մարզիչ, Հայաստանի քիք-պոքսինկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վիքթոր Խաչատրեանը:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 38 երկիրներէ 2015 մարզիկներ:
Սիւնիք ակումբին մարզիկները տիրացան երկու արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալի:
Հայրենիք վերադառնալով, անոնք «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ արժանացան ջերմ ընդունելութեան:


