Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար, որ հիւրընկալեց Սպարտակ Մոսկուան, անոր դէմ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան 83-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց յաղթական կազմին երկրորդ կոլը:
Այս հանգրուանէն ետք, Քրասնոտար այժմ 17 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը, մինչ Սպարտակ Մոսկուա 10 կէտով` 8-րդ դիրքը:


