Իթթիհատին մաս կազմող ֆրանսացի 35 տարեկան յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ:
Ան Ուահտէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին 42-րդ վայրկեանին վիրաւորուելով փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Պենզեմա, որ Ռէալ Մատրիտէն միացաւ Իթթիհատին, իր կազմին հետ ցարդ չորս մրցումի ընթացքին նշանակած է կոլ մը եւ կատարած երկու էսիսթ:
Այս շաբաթասկիզբին նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը, լարուած յարաբերութիւններ ունի ակումբին փորթուգալցի մարզիչ Նունօ Էսփիրիթօ Սանթոյի հետ:


