Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ մատրիտեան տերպիի մրցումին հիւրը եղաւ Ռայօ Վայեքանոյին, արձանագրեց 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը:
Այս յաղթանակը, որ Աթլեթիքոյի պատմութեան մէջ ամէնէն մեծն էր, արձանագրուած` օտար դաշտի վրայ, ակումբին պատմութեան մէջ եղաւ պատմական յաղթանակ մը:
Այսպիսով, Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած կազմը երեք մրցումէ ապահոված է 7 կէտ` Ժիրոնայի եւ Պարսելոնայի նման:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտ, որ ապահոված է առաւելագոյն 9 կէտը:


