Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Դէպի Արուեստ Ամառնային Ծրագիր 3»-ի Եզրափակիչ Հանդէս

August 19, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 11 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի արուեստ ամառնային ծրագիր 3»-ի հանդէսը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդէսին բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան: Ան նկատել տուաւ, որ Համազգայինի ամառնային դպրոցի ծրագիրը կը տարբերի միւս դպրոցներէն, որովհետեւ զուտ մշակութային դպրոց է` արուեստ ջամբող, արուեստ ներկայացնող: Դասացուցակը կը պարունակէր` ձեռային աշխատանք, հիւսք, մոզայիք, մոմ, երգ, պար, թատրոն, գծագրութիւն, կաւ, դաստիարակչական խաղեր, դասախօսութիւններ: Հարպոյեան նկատել տուաւ, որ ծրագիրը կը ներառէր երաժշտական գործիքի ծանօթացում, անդրադառնալ խմբային աշխատանքի անհրաժեշտութեան, իրարու գաղափարները յարգելը, իրարու տեսակէտները ընդունիլը, փոխադարձ յարգանքը, ինչպէս նաեւ` մշակոյթի եւ արուեստի ծանօթացնող այցելութիւններ եւ պտոյտներ: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր աշակերտ ունէր նկարագիր մը, բնաւորութիւն մը, ինչպէս` ընկերասիրութիւն, օգտակարութիւն, իրերօգնութիւն, որոնք յայտնաբերուած են, աւելցնելով, որ  աշակերտները տարբեր մտերմիկ մօտեցում ունէին իրարու հանդէպ: Իր խօսքի աւարտին Հարպոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան, բարերարներուն, նաեւ` ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան ամառնային դպրոցին:

Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մակի Պօղոսեան ըսաւ, որ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` ամառնային դպրոցը յաջող ընթացք ունեցաւ, եւ որուն գլխաւոր նպատակն էր հայ մանուկը մօտեցնել արուեստին եւ իր կարողութիւնները բացայայտել եւ զարգացնել զանազան գործունէութիւններու ընդմէջէն: Պօղոսեան նաեւ յայտնեց, որ աշակերտները ունեցան արտադասարանային դաստիարակչական պտոյտներ, դասախօսութիւններ, պատմութիւններ եւ սորվեցան իրենց ժամանակը օգտագործել արդիւնաւէտ: Աւարտին ան շնորհակալական խօսք ուղղեց դպրոցի բոլոր պատասխանատուներուն եւ բարերարներուն, որոնց նուիրեալ աշխատանքով կարելի եղաւ յաջողցնել ծրագիրը, ինչպէս նաեւ ծնողներուն` իրենց վստահութեան համար:

Գեղարուեստական յայտագրով աշակերտները ներկայացուցին «Եարխուշտա» եւ «Արտաշատ» պարերը, նաեւ երգեցին «Գիւմրի», «Հայոց աշխարհ» եւ «Կատակ երգ» երգերը: Նուագով ելոյթ ունեցան Նայիրի Առնէլեան` տուտուկ, Նժդեհ Մկրտիչեան` տհոլ եւ Ծիլա Թորոսեան` տրամզ:

Յայտնենք, որ հանդէսին զուգահեռ, սրահի մուտքին ցուցահանդէսով մը ներկայացուած էին աշակերտներուն բոլոր գործերը:

Նախորդը

Հայրս Եւ Հալէպս` Անմոռանալի Երկու Մեծ «Հ»-եր

Յաջորդը

Դասախօսներուն Դասախօսը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.