Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Ովկիանոսներուն Մէջ Այդքան Կերպընկալ Կայ

August 19, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ամէն տարի 10 միլիոն թոն կերպընկալէ աղբեր կը թափուին ովկիանոսներուն մէջ: Սակայն ինչո՞ւ այդքան մեծ քանակով կերպընկալ ընդարձակ աղբանոցի մը կը վերածեն ովկիանոսը:

* * *

Ամէն տարի թոներով կերպընկալ կ՛արտադրուի տարբեր առարկաներ արտադրելու համար. տոպրակներ, շիշեր, տուփեր… որոնք շատ շուտ աղբը կը նետուին: Այս աղբերուն մէկ մասը կը լքուին գետինը, փողոցը կամ բնութեան մէջ: Կարգ մը երկիրներու մէջ նետուած կերպընկալէ աղբերը բացօթեայ աղբավայրերու մէջ կը դրուին,  եւ այս աղբերը «կը թռչին»: Անոնք վայրէջք կը կատարեն գետերու մէջ, որոնք զանոնք կը քշեն մինչեւ ովկիանոսներ: Աւելի նուազ ծաւալով ովկիանոսներու կերպընկալի ապականումը կը յառաջանայ նաեւ ձկնորսութեան պատճառով:

– Սակայն ասիկա ինչո՞ւ հարց կը ստեղծէ

Որովհետեւ երբ ջուրին մէջ կը հասնի, կերպընկալի շատ մանր կտորներու կը տարբաղադրուի: Այս մանր կտորներն են, որոնք ջուրը կ՛ապականեն, եւ որոնք շատ դժուար կը հաւաքուին: Հազարաւոր թռչուններ եւ ծովային անասուններ զանոնք կը շփոթեն ուտելիքի հետ եւ այդ կերպընկալի կտորներուն պատճառով կը խեղդուին կամ կը թունաւորուին: Այս շատ մանր մասնիկները արգելք կը դառնան նաեւ այս անասուններուն լաւ աճելու եւ բնականօրէն վերարտադրուելու: Իսկ եթէ այս ծովային անասունները հասնին մեր պնակին մէջ, անոնք կրնան վտանգաւոր դառնալ նաեւ մեր առողջութեան համար:

* * *

Սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ պայքարիլ այս ապականումին դէմ` նախ եւ առաջ զտելով մեր աղբերը, ոպէսզի առաւելագոյն չափով կերպընկալ վերամշակուի: Միջոցներէն մէկն ալ  նաեւ այն է, որ մեր առօրեայ կեանքին մէջ նուազ կերպընկալ գործածենք, ինչպէս, գնումի պարագային, հետերնիս կերպասէ տոպրակ մը տանիլ ապրանքները անոր մէջ դնելու համար, կամ մետաղեայ դգալ-պատառաքաղ, կամ ապակիէ պնակ գործածել` կերպընկալէ առարկաներու փոխարէն:

Հնդկաստանի Մէջ

 600 Քկ Կերպընկալէ Աղբերէ
Կազմուած Կրիան

Հաւանաբար ձեզի ծանօթ է ասացուածքը, որ կ՛ըսէ, թէ ինչպէ՛ս մէկ նկար մը կրնայ փոխարինել հազարաւոր բառեր… Հնդկաստանի Չաննայ շրջանի ծովափին վրայ 600 քկ կերպընկալէ շինուած հսկայական կրիայի արձանը կենդանի փաստն է:

* * *

Էտուարտ Էլիոթ ծովափին պտտողները այս ամառ առիթը ունեցան մօտէն տեսնելու 6 մեթր բարձրութիւն, 9 մեթր երկարութիւն եւ 7 մեթր լայնք ունեցող այս արուեստի գործը: Այս արուեստի գործը բխած է արուեստագէտ Կոթամի երեւակայութենէն: Ան ամբողջովին կազմուած է 600 քիլօ կերպընկալէ եւ 700 քիլօ մետաղի աղբերէ:

Անշուշտ նման արուեստի գործ մը աննկատ չէր կրնար մնալ եւ յատկապէս պատրաստուած է յատուկ նպատակի մը համար` մարդիկը հրաժարիլ տալ մէկ անգամ գործածուող կերպընկալէ առարկաները գործածելէ եւ իմացնել, թէ ինչպէ՛ս ովկիանոսներուն մէջ թափուած 30 միլիոն թոն կերպընկալէ աղբերը պատճառ կը դառնան 100 հազար ծովային անասուններու ոչնչացումին:

Ծովանուշներու Նուագահանդէս

Ամէն ամառ Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգին մէջ տեղի կ՛ունենայ ընդծովեայ երաժշտութեան փառատօնը: Ինչպէս անունը կը նշէ, անիկա տեղի կ՛ունենայ Ֆլորիտայի ծովափի ջուրերուն մէջ, ուր կ՛աճին բազմաթիւ բուստեր:

Այս ձեռնարկին ընթացքին հարիւրաւոր մասնակցողներ կը սուզուին ջուրին խորերը` ներկայ գտնուելու համար արտասովոր նուագահանդէսի մը: Տարբեր տեսակի տարազներով ծպտուած անձեր երաժշտութեան նուագարաններ գործածել կը ձեւացնեն, մինչ ջուրին մէջ կը սփռուին եղանակներ` շնորհիւ ընդծովեայ բարձրախօսերու:

Այս ձեռնարկին նպատակն է մարդոց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Ֆլորիտայի բուստերուն վրայ եւ շեշտելու անոնց պահպանման կարեւորութիւնը: Այդ շրջանին մէջ բազմաթիւ տարիներէ ի վեր բուստերու բազմաթիւ տեսակներ կը գտնուին հիւանդութեան մը սպառնալիքին տակ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Կրնա՞ս գտնել թիւերուն համապատասխանող տեղերը տախտակին մէջ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտ

Յաջորդը

Հայրս Եւ Հալէպս` Անմոռանալի Երկու Մեծ «Հ»-եր

RelatedPosts

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ
Մանկապատանեկան

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

September 12, 2026
Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան
Մանկապատանեկան

Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան

September 5, 2026
Ի՞նչ Է Կրակը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Կրակը

August 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.