Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Քէօլն, որ հիւրը եղաւ Օսնապրուքին, երկարաձգման ընթացքին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց 1-32-րդ հանգրուանի իր տոմսը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, որ Քէօլնի հետ դաշտ ներկայացաւ 52-րդ վայրկեանին, նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը` երկարաձգման 3-րդ վայրկեանին (93-րդ):
Ա. հանգրուանի մրցումներուն, կոլի հեղինակ դարձաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մէկ այլ յառաջապահը` Հրանդ-Լէոն Ռանոս, որ Պերսենպրիւյեքի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (7-0) նշանակեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի վերջին կոլը (89-րդ):


