Նետերլանտներու Այնտհովըն քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ 16 տարեկանէն վար ճատրակի համաշխարհային Օլիմփիատին:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը, որ մրցեցաւ Ճափոնի դէմ, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Ճափոնի դէմ յաղթանակներ արձանագրեցին Ռոպերթ Փիլիփոսեան, Էրիկ Գասպարեան, Բենիկ Ագասարով եւ Նուարդ Հայրապետեան:
Մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ զուիցերիական դրութեամբ` 9 հանգրուան:


