«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր` հինգշաբթի, 3 օգոստոսին:
Հայաստանի ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Ուրարտու կը հիւրընկալէ ռումանական Ֆարուլ Քոնսթանթան, որմէ երթին կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), մինչ մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ կալեսցի Օուըն Թոմաս Կերի:
Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ երթին 2-1 արդիւնքով յաղթեց շուէտական Քալմարին, դարձի մրցումին ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Աբովեանի մէջ կը կատարէ այսօրուան իր մրցումը, մինչ մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ Իկոր Սթոյչեւսքի (Հիւսիսային Մակեդոնիա):
Պրոնզէ մետալակիր Արարատ Արմենիա, որ հիւրը պիտի ըլլայ Արիսի (Յունաստան), երթին արձանագրած է 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ իտալացի Միքայէլ Ֆապրի, մինչ անոր մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 21:15-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Վերջապէս, Հայաստանի չորրորդ ներկայացուցիչը` Ալաշկերտ Երեւան, հիւրը պիտի ըլլայ Տեպրեչենի (Հունգարիա), որմէ երթին կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), մինչ օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ գերմանացի Ռոպերթ Շրէօյտըր:


