Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՄ-ի Հիմնադրութեան 50-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ «Յարգա՜նք Ձեզ Խոնարհ Հերոսներ» Խորագիրով

June 27, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 19 յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի «Արա Քրճըլեան» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով ձեռնարկ մը, որ նուիրուած էր «Հայաստան» մասնաճիւղի 5 նահատակ ընկերներու` Արա Քրճըլեանի, Սերժ Թովմասեանի, Կարօ Գափլանեանի, Վահէ Նաճարեանի եւ Պարոյր Տուտագլեանի անմար յիշատակին:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Կիրակոսեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ԼԵՄ-ի կատարած հիմնական առաքելութեան` հայ երիտասարդութեան թրծումին, իբրեւ ապագայ դաշնակցական հարստացած` կազմակերպական, գաղափարական եւ քաղաքական գիտելիքներով, ինչպէս նաեւ` մասնաճիւղի կարեւորութեան եւ անոր 50 տարուան գործելաոճին ու գործունէութեան: Կիրակոսեան խօսքին մէջ նաեւ հաստատեց ԼԵՄ-ի գոյատեւումն ու հաստատական կամքը` շարունակելու համար  իրեն վստահուած գործերը:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ, որուն մէջ ԼԵՄ-ի մասին վկայութիւններ տուին Յովիկ Մխիթարեան, Զոհրապ Գազանճեան եւ Անի Բագրատունի: Յայտագիրին ասմունքով եւ նուագով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն ու Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն խումբ մը աշակերտներ: Այնուհետեւ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի ընկերուհիները յաղթական պարով մը ցուցադրեցին հայ երիտասարդին անպարտ ոգին, ապա կարդացուեցան հինգ նահատակ ընկերներուն կենսագրութիւնները: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» պատանեկան միութեան ընկերներն ու ընկերուհիները, որոնք կենդանի պատկերով մը իրենց յարգանքը մատուցեցին նահատակներու յիշատակին:

Օրուան պատգամախօսն էր Աշոտ Բագրատունի, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ ձեռնարկի առիթին` տօնել ԼԵՄ-ի եւ «Հայաստան» մասնաճիւղի 50-ամեակը, 50 տարիներու նուիրումով, ծառայութեամբ եւ նահատակութեամբ օծուած միութեան: Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ յատուկ տեղ եւ կարեւորութիւն տուած է երիտասարդութեան, իսկ 1972 թուականին ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը որոշեց վերաշխուժացնել դաշնակցական երիտասարդութիւնը, եւ տարի մը ետք Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը գործադրեց այդ որոշումը` հիմնելով Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը, որ` «փոխեց ընթացքը հայ մտքի քաղաքականացման, պահանջատիրութեան եւ ապահովութեան»:

«Տասնամեակներ շարունակ ԼԵՄ-ը եղաւ այն յենարանը, որ ուղղեց աշխարհասփիւռ հայութեան ողնաշարը` հպարտ կանգնելու, պահանջելու եւ պայքարելու ուժ ու կորով տալով: ԼԵՄ-ը հարթեց ճամբան քաղաքականացնելու հայ երիտասարդութիւնը աշխարհի ամէն կողմ եւ ունեցաւ հիմնական դերակատարութիւն դաշնակցական երիտասարդական միութիւններու եւ շարժումներու մէջ` Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Ամերիկա եւ Աւստրալիա», ըսաւ Բագրատունի:

Ան դիտել տուաւ, որ ԼԵՄ-ը դարձաւ մարտիկը արդարութեան, քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն պաշտպանեց հայութիւնը, հասաւ բոլորին, նոյնիսկ Լիբանանէն անդին` հանդիսանալով հայութեան հպարտութեան աղբիւրը:

ԼԵՄ-ի մերօրեայ դերակատարութեան մասին խօսելով` Աշոտ Բագրատունի ըսաւ. «ԼԵՄ-ը այսօր ալ հո՛ս է, ներկայ ամէն տեղ, ամէն ժամ, մեր դպրոցներէն ներս թէ դուրս, ակումբներէն ներս ե՛ւ դուրս, այո՛, մայթերուն վրայ, այո՛, ակումբին առջեւ, այո՛, թաղին ծայրը: ԼԵՄ-ը հոն է, ուր պէտք է ըլլայ, ինչպէս միշտ եղած է», աւելցնելով, որ ԼԵՄ-ականը, հակառակ երբեմն իրեն նկատմամբ եղած թերահաւատութեան կամ իրեն ուղղուած քննադատութիւններուն, ներկայ է, երբ կարիք կայ արեան, երբ հիւանդանոցային փոխադրութեան պարագայ կայ, երբ որեւէ տեսակի հարց կամ օգնութեան կարիք կայ` կանգնելու համար պատնէշի առաջին գիծին վրայ, որպէսզի ապահով մնայ լիբանանահայը:

Բանախօսը հետաքրքրական ձեւով մեկնաբանեց ԼԵՄ-ի գործելադաշտն ու գործելաոճը` ըսելով. «ԼԵՄ-ի գործելադաշտը ազգն է, կը մնայ անփոփոխ, իսկ գործելաոճը` ծառայութիւնը, կը մնայ աննկուն: ԼԵՄ-ը կը գտնուի հոն, ուր որ պէտք է, որքան որ պէտք է, կարծր, պի՛նդ եւ չընկրկող: Լիբանանէն մինչեւ Արցախ, Հայաստան, Եւրոպա, ԼԵՄ-ը եղած է եւ կը մնայ պահանջատէր, արդարութեան փամփուշտ, պաշտպանութեան զէնք, բուժումի դեղորայք, անօթիին սնունդ, ուսում, դաստիարակ եւ, ցաւօք, քննադատութեան թիրախ»: Ան նշեց, որ ԼԵՄ-ը կարելի է քննադատել, սակայն անկարելի է չընդունիլ, որ այս միութիւնը հայութեան ապահովութեան դաշնակցական շղթային հիմնական օղակն է, որ կազմուած է Դաշնակցութեան երիտասարդական թէ ուսանողական միութիւններէն, ուստի չի՛ կոտրիր, իսկ հայութիւնը չ՛ընկճուիր, այնքան ատեն որ դաշնակցական երիտասարդին բազուկները հզօր պատուանդան կը մնան համայն հայութեան:

Ա. Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն, որ տարիքի բերումով երիտասարդներ կը դադրին ԼԵՄ-ական ըլլալէ, սակայն ԼԵՄ-ը չի դադրիր անոնց կեանքին մաս կազմելէ, ո՛ւր ալ գտնուին անոնք, որովհետեւ ԼԵՄ-ը դպրոց է, հնոց, դաստիարակութեան դարբնոց, անկարելի ու դժուար գործեր իրականացնող կեդրոն: «Այսօր ալ` ԼԵՄ-ի հիմնադրութենէն 50 տարիներ ետք, նայեցէ՛ք ԼԵՄ-ականի մը աչքերուն եւ տեսէք այն նոյն կայծը, որ վառեց ճրագը հայկական նորօրեայ զարթօնքին, նայեցէք ԼԵՄ-ականներուն եւ տեսէք մեզ պաշտպանող հուժկու բազուկները, նայեցէք անոնց ուսերուն եւ տեսէք այն բեռը, որ ծանրացած է: Բայց բնաւ պիտի չկտրէ անոնց կռնակը, նայեցէք անոնց վիզերուն եւ կը տեսնէք` ինչպէս կը կրեն ամբողջ ազգի մը ճիտին պարտքը», յայտնեց ան:

Աշոտ Բագրատունի խօսքը եզրափակելով` պատգամեց. «Վստահինք ԼԵՄ-ին, խնայեցէք անոնց ձեր հարուածները եւ անարդար քննադատութիւնները, կուրծքերնին լայն է եւ սիրտերնին մեծ, բայց իրենց պաշտպանութիւնը վայելած եւ ծառայութիւնը համտեսած ժողովուրդը պէտք չէ զանոնք վերածէ թիրախի: Այդ լայն կուծքերնին ու մեծ սրտերը վերապահուած են ամբողջ ազգ մը գրկելու եւ պաշտպանելու: Այսօր, 50 տարի ետք, հակառակ բոլոր նահատակութիւններուն, կրկին սեւ ամպեր կը կուտակուին մեր գլխուն վերեւ, բայց ԼԵՄ-ի արծիւը կը սաւառնի ամպերէն վեր, բարձր, սուր աչքերով կը հսկէ, ժանիքները պատրաստ` հարուածելու, թեւերը ամուր` պաշտպանելու»:

Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ ԼԵՄ-ի նուագախումբը, իսկ ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Աստուծոյ Հարազատ Պատկերը Չկերպարանափոխելու Եւ LGBT Համայնք Չունենալու Համար…

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Հայաստանի Ներկայ Իշխանութիւններուն Դէմ Ենք

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.