Աշխարհի ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսի երեք այլ մարզիկներու հետ նկատի առնուած է «Ի. ԷՍ. ՓԻ. ԷՆ.»-ի 2022 տարուան լաւագոյն մարզիկի թեկնածուներուն կարգին:
Ամերիկեան պարբերաթերթին կողմէ տրուող «Ի. ԷՍ. ՓԻ. ՈՒԱՅ.» մրցանակին, որ կը տրուի իւրաքանչիւր տարի, Մեսսիէն բացի թեկնածու են նաեւ, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի նորընծայ ախոյեան Տենվըր Նակեթցի սերպ պասքեթպոլիստ Նիքոլա Եոքիչ, ամերիկեան ֆութպոլի Քանսաս Սիթի Չիֆսի խաղացող Փաթրիք Մահոմզ եւ Աարոն Ճաճ (պէյսպոլ):
Նշենք, որ 2021-ին տիտղոսը ստացած էր Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի անուանի պասքեթպոլիստ Սթեֆըն Քարի:


