Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի Բաց Դասարաններու Ելոյթներ

May 30, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, հինգշաբթի, 25 մայիսին կէսօրէ ետք ժամը 5:00-7:00 «Աղբալեան» կեդրոնի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ երեք փուլերով,  իւրաքանչիւրը կէս ժամ տեւողութեամբ, տեղի ունեցան «Գայեանէ» պալէի դպրոցի բաց դասարաններու ելոյթները` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ժենի Քոլոյեանի:

Իւրաքանչիւր դասարանի ներկայացման սկիզբը բարի գալուստի խօսք արտասանեցին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան եւ գեղարուեստական ղեկավար Ժենի Քոլոյեան:

Մարալ Հարպոյեան ներկաներուն բացատրեց, որ 2009 թուականին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ հիմքը դրուեցաւ «Գայեանէ» պալէի դպրոցին, որ բաւական մեծ խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն ստեղծեց պարարուեստի այս մարզին նկատմամբ: Ան յայտնեց, որ պալէի դպրոց կրնան յաճախել չորս տարեկանէն սկսեալ փոքրիկներ, աւելցնելով, որ դպրոցը բաժնուած է տարբեր դասարաններու եւ ունի ուսումնասիրուած ու արհեստավարժ ծրագիր, որ հարկ է ներկայացուի տարեսկիզբին իւրաքանչիւր ուսուցիչի կողմէ: Ան ըսաւ, որ նկատի ունենալով այս տարուան երկրի պայմանները եւ գեղարուեստի ղեկավար Ժենի Քոլոյեանի պատրաստած ծրագիրը, ամավերջի տարեկան ելոյթի փոխարէն` այս տարի կազմակերպուեցաւ պալէի բաց դասարան, որուն նպատակն է ծնողներուն ներկայացնել, թէ իրենց զաւակները ի՛նչ կը սորվին դասի ընթացքին, որ տեղի կ՛ունենայ շաբաթը անգամ մը, եւ բաւական խրախուսիչ է, որ բոլոր երեխաները սիրով կը յաճախեն պալէի դպրոց:  Հարպոյեան շեշտեց, որ դասական պարը միայն երեխաներուն կերտուածքին վրայ չ՛ազդեր, այլ նաեւ` դաստիարակութեան վրայ եւ զիրենք աւելի պատասխանատու կը դարձնէ: Եզրափակելով իր խօսքը` Հարպոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն իրենց համբերութեան համար, նաեւ` գեղարուեստական ղեկավարին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերին պալէի դպրոցի աշխատանքներուն:

Իր կարգին «Գայեանէ» պալէի դպրոցի գեղարուեստական ղեկավար Ժենի Քոլոյեան նկատել տուաւ, որ ուսումնական տարեշրջանի աւարտին պիտի ներկայացնեն դասական պարի բաց դասարանը: Ան շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները` նկատել տալով, որ ոմանք նորեկ են եւ առաջին անգամ ըլլալով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն: Քոլոյեան ըսաւ, որ դասական պարը պարերու հիմքն է, եւ անով  զբաղիլը կ՛ենթադրէ ծով համբերութիւն: Ան յայտնեց, որ 7-8 ամիսներու ընթացքին յաջողած են պատրաստել շուրջ կէս ժամ տեւողութեամբ բաց դասարան: Քոլոյեան բացատրեց, որ 4-16 տարեկան երեք խմբակներ ելոյթ պիտի ունենան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կէս ժամ տեւողութեամբ անընդհատ բեմին վրայ պիտի ցուցադրէ ամբողջ տարուան ընթացքին իր սորված ձեւերը, ինչպէս նաեւ` մէկ ամբողջական պար: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, նաեւ` ծնողներուն:

Այնուհետեւ յաջորդաբար բեմ բարձրացան երեք խմբակները եւ իւրաքանչիւրը շուրջ կէս ժամ տեւողութեամբ ներկայացուց պալէի շարժումներ, որոնք մեծապէս գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ:

Նախորդը

Ազգային Ուժերու Համախմբումով Կարող Ենք Բեկանել Պատմութեան Ընթացքը

Յաջորդը

Սիամանթոյի Ծննդեան 145-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` «Հայութեան Ապրած Արհաւիրքներն Ու Մաքառումը` Քերթողութեան Ընդմէջէն» Թեմայով

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.