Ռուսական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Ռուսիոյ ըմբշամարտի ազգային խումբերը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերին, Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ:
Անոնք այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցին իբրեւ չէզոք մարզիկներ, առանց դրօշի:
Ապրիլ ամսուան ընթացքին ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ ըմբիշներուն արտօնեց մասնակցիլ միջազգային մրցումներուն, ինչպէս նաեւ` Փարիզ-2024-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն:
Այստեղ նշենք սակայն, որ անոնք կրնան մասնակցիլ միայն անհատական մրցաշարքերուն, մինչ խմբային մրցաշարքերէն անոնք պիտի շարունակեն հեռու մնալ:


