Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՄ-ի 50-Ամեակի Սերունդը Վերանորոգեց Իր Ուխտը

January 4, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 30 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան Լիզպոնի նահատակ տղոց շիրիմին մօտ ԼԵՄ-ականները վերանորոգեցին իրենց ուխտը:

ԼԵՄ-ի 50-ամեակի այս սերունդը ուխտեց հաւատարիմ մնալ միութեան հիմնադրութեան առաքելութեան, նոյն երկաթեայ կամքով շարունակել պայքարը եւ ըլլալ հոն, ուր իր կարիքը կայ:

Դարուս բոլոր մարտահրաւէրները դիմակայելով եւ երկրին ծանր պայմաններուն տոկալով` ԼԵՄ-ական տղաքը ուխտեցին անշեղ մնալ դաշնակցական երիտասարդի ազգային-յեղափոխական ոգիէն  եւ միայն ու միայն գործել այդ սկզբունքներով:

Այս առիթով խօսք առաւ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Խաչիկ Քերպապեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք այսօր համախմբուած ենք հոս` ոգեկոչելու համար Լիզպոնի եւ ԼԵՄ-ի միւս բոլոր նահատակ ընկերներուն յիշատակը եւ հոսկէ վերանորոգելու մեր ուխտը»:

Նշելով, որ 2023-ին ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան 50-ամեակն է, ան դիտել տուաւ, որ ԼԵՄ-ը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ եղած է պատնէշի վրայ, քաղաքացիական պատերազմէն մինչեւ օրս կանգնելով լիբանանահայութեան կողքին:

«Այո՛, այս 50 տարուան ընթացքին շատ բաներ փոխուած են, բայց մեր թշնամին կը մնայ նոյնը,  մեր նպատակներն ալ կը մնան նոյնը», ըսաւ Խաչիկ Քերպապեան` դիտել տալով, որ 40 տարիներ առաջ, երբ Լիզպոնի տղաքը իրենց արարքը կատարեցին յանուն Հայ դատին եւ յանուն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին, Հայաստանը իբրեւ անկախ հայրենիք գոյութիւն չունէր: Բայց եւ այնպէս Լիզպոնի տղաքը հաւատք ունէին մեր դատին եւ մեր նպատակներուն նկատմամբ:

«Այսօր մենք ունինք անկախ հայրենիք, բայց մեր հայրենիքը վիրաւոր է: Վերջին պատերազմին մեր կրած պարտութեան պատճառով դաշնակցական երիտասարդը պէտք չէ յուսալքուի եւ յանձնուի իրականութեան: Ընդհակառակը, ան պէտք է նոր հաւատքով, նոր վրէժով, նոր պայքարի ոգիով զինուի եւ ըլլայ հոն, ուր հայրենիքը եւ հայ ժողովուրդը իր կարիքը ունին», ըսաւ ան:

Քերպապեան դիտել տուաւ, որ ԼԵՄ-ական ըլլալը ապրելակերպ է: Տիպար մըն է, որ պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր դաշնակցական երիտասարդի մէջ, ուր ալ գտնուի ան, առօրեայ կեանքին, թէ ընկերային ցանցերուն վրայ: «Դարուս պահանջները եւ բարքերը ուրիշ են, Լիբանանի ընկերատնտեսական  պայմանները` ծանր, բայց  հայրենիքը եւ Հայ դատը պէտք է մնան առաջնահերթութիւն ԼԵՄ-ականին համար: Այսօր դաշնակցական երիտասարդէն պահանջուած չէ գերագոյն զոհողութիւն: Իրմէ պահանջուած է դուրս գալ պարտուողական կրաւորական վիճակէն, եւ հակառակ ամէն ինչին` նուիրուիլ Հայ դատի պայքարին», եզրափակեց ան:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ բոլոր նահատակ ԼԵՄ-ական տղոց, որմէ ետք ԼԵՄ-ականները երգեցին «Վէրքերով լի»-ն:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Օրացոյցը` ՀՕՄ-ի Աշխատանքային Դաշտի Արտացոլացումը

Յաջորդը

Նշմար. Անհաղորդներու Դարաշրջան

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.