Երկու օրուան հանգիստէ մը ետք, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան Քաթար-2022-ի Մոնտիալի կիսաւարտականի ճակատումները:
Այսօր իրարու դէմ կը մրցին Արժանթին եւ նախորդ Մոնտիալին փոխախոյեան հանդիսացած Խրուաթիա, իսկ վաղուան ճակատումը իրարու դէմ կը հանէ աշխարհի գործող ախոյեան Ֆրանսան եւ Մարոքը:
Այսօրուան մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Լուսէյլ» մարզադաշտին վրայ, կրնայ հիւրընկալել 88.966 հանդիսատես:
Իսկ վաղուան մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Պէյթ» մարզադաշտին վրայ, կրնայ հիւրընկալել 68.895 հանդիսատես:
Երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
ՖԻՖԱ-ին որոշումով, այսօրուան կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուեցաւ 47 տարեկան իտալացի Տանիելէ Օրսաթօ:
Աշխարհի այս ախոյեանութեան իտալացին նախապէս սուլեց Արժանթինի մրցումներէն մէկը, երբ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած մրցումներուն, Հարաւային Ամերիկայի բաժակակիրը 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մեքսիքայի դէմ:
Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, Արժանթինի եւ Խրուաթիոյ կազմերուն ցարդ արձանագրած արդիւնքները նկատի առնելով, նշուեցաւ, որ Արժանթին պիտի արձանագրէ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:


