«Թրենտ» լրատու գործակալութեան համաձայն, 8 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տանֆրիտի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, երկու դիւանագէտները միտքեր փոխանակած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի ներկայ կացութեան եւ հեռանկարին, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական-ամերիկեան համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ:
Նախարար Պայրամով խօսած է հաշտութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն, հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման եւ սահմանազատման խնդիրներուն մասին:
Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, Պայրամով անդրադարձած է «Լաչինի միջանցքին օգտագործումով վերջերս կատարուած ապօրինի գործողութիւններուն»:
Քերըն Տանֆրիտ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը սատարեն շրջանին մէջ կայունութիւն ապահովելու ջանքերուն, կարեւոր նկատած է խաղաղութեան հոլովոյթի շարունակումը` «երկու երկիրներու ղեկավարներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու ծիրին մէջ»:


