Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջիւան Աւետիսեան Եզրափակեց Իր Լիբանանեան Այցելութիւնն Ու «Դրախտի Դարպասը» Ժապաւէնի Ներկայացումը

December 3, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենի տաղանդաւոր բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի արցախեան նիւթով երրորդ ժապաւէնին` «Դրախտի դարպասը»-ին լիբանանեան ներկայացումները հասան իրենց աւարտին: Բեմադրիչը Լիբանանի մէջ ո՛չ միայն առիթ ունեցաւ լիբանանահայութեան, աշակերտութեան եւ ուսանողներուն հրամցնելու իր իմաստալից ժապաւէնը, այլ նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր անձնաւորութիւններու հետ:

Երկուշաբթի, 28 նոյեմբեր 2022-ին, բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան, ընկերակցութեամբ ՋԱՀ յանձնախումբի քանի մը անդամներուն, առաւօտեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետը արժեւորեց Ջիւան Աւետիսեանի Լիբանան այցելութիւնը եւ անոր ժապաւէններուն ցուցադրութեան դրական ազդեցութիւնը լիբանանահայ համայնքին վրայ: Բեմադրիչը վեհափառ հայրապետին ներկայացուց իր ապագայ ծրագիրները, եւ քննարկում կատարուեցաւ անոնց շուրջ: Հանդիպման աւարտին, Ջիւան Աւետիսեան Արամ Ա. կաթողիկոսին նուիրեց իր երեք ժապաւէններէն մէկական օրինակներ, եւ իր կարգին վեհափառ հայրապետը բեմադրիչին նուիրեց իր հրատարակութիւններէն մին:

Նոյն օրը, Ջիւան Աւետիսեան այցելեց Հայկազեան համալսարան, ուր ծանօթացաւ համալսարանի շէնքին ու կառոյցին, ապա կէսօրուան ժամը 12:30-ին ուսանողներուն ցուցադրուեցաւ «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը: Աւարտին, ուսանողները հարցումներ ուղղեցին բեմադրիչին:

Ջիւան Աւետիսեան Եզրափակեց Իր Լիբանանեան Այցելութիւնն Ու «Դրախտի Դարպասը» Ժապաւէնի Ներկայացումը
Ջիւան Աւետիսեան Եզրափակեց Իր Լիբանանեան Այցելութիւնն Ու «Դրախտի Դարպասը» Ժապաւէնի Ներկայացումը

Կիրակի, 27 նոյեմբեր 2022-ին, ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ցուցադրուեցաւ հայրենի տաղանդաւոր բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնը, որ բեմադրիչին առաջին ժապաւէնն է արցախեան նիւթով: Այդ օրուան ցուցադրութիւնը նուիրուեցաւ ժապաւէնի գլխաւոր հերոսներէն` Թեւանիկի դերը ստանձնած Յովհաննէս Խոտելեանի յիշատակին, որ նահատակուեցաւ արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին: Ժապաւէնի աւարտին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց բեմադրիչին եւ հանդիսատեսներուն միջեւ:

 

Նախորդը

«Ամերիկան Տակաւին Կապի Մէջ Է Ռուսիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Յաջորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-Ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. Ծանօթացում Միջազգային Լուրերու Պատրաստութեան Եւ Արագ Լրահոսի Դրութեան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.