Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն նախօրեակին պէտք է մատը դնել վէրքին վրայ:
Պեթ: Բառ մը, որ ահաւոր ախտի մը ակնարկութիւնն է: Ախտ մը, որ աւերներ կը գործէ:
Հարցին որքան ծանրակշիռ ըլլալը հասկնալու համար, ներկայացնենք երիտասարդ հօր մը պարագան, որպէսզի յստականայ, թէ երբ պեթը անառարկելիօրէն տնաքանդ մոլութիւն մըն է կ՛ըսուի, ճիշդ ինչ տարողութիւն ունի վտանգը:
Մեքենագործ այս երիտասարդը երկու անչափահաս զաւակներու հայր է եւ օրն ի բուն ինքնաշարժներու շարժակներ կը նորոգէ, որպէսզի կարողանայ իր ընտանիքին ապրուստը ապահովել, հազար տեսակ ծախսերու հասնիլ: Աշխատասէր է: Ասիկա առաքինութիւն մըն է: Քանի մը ամիս առաջ բարեկամի մը միջոցով կը ծանօթանայ պեթին: Որովհետեւ ֆութպոլի սիրահար մըն է, շատ հաճելի կը թուի իր նախասիրած խումբերուն վրայ գրաւ դնել եւ մրցումին արդիւնքը գուշակելով` սպասել, թէ ի՛նչ պիտի շահի: Առաջին օրերուն ճիշդ գուշակութիւններ ընելով` կը սկսի որոշ գումարներ շահիլ: Օրէ օր գրաւի դրուած գումարը կը բարձրացնէ, նոր խումբերու մրցումներուն մասին գուշակութիւններ կ՛աւելցնէ եւ չ՛անդրադառնար, որ գրպանին դրամը շաբաթէ շաբաթ աւելի կը պակսի, կնոջը հետ կը սկսին անհամաձայնութիւնները, դժգոհութիւնները, վէճ- վիճաբանութիւնները: Բայց հոգ չէ, կարեւորը գրաւի դնել է որոշ գումար մը: Ի վերջոյ ինք ալ իրաւունք ունի իրեն հաճոյք պատճառող եւ հոգեկան գոհունակութիւն տուող ժամանց մը ունենալ:
Վտանգը տակաւին ահազանգային վիճակ չէ ստացած: Օր մըն ալ, բարեկամներէն մին այս երիտասարդ հօր կը ներկայացնէ բջիջային հեռաձայնի վրայ խաղցուող բախտախաղի մը ամբողջական փաթէթ մը, ուր զանազան խաղեր կան: Պարզապէս կը բաւէ զատել եւ խաղալ: Բայց այս խաղերուն փաթէթը ունենալու համար, պէտք է «լեցնես»: Այսինքն` դրամ կը վճարես եւ իրաւունքն ու միջոցը կը ստանաս բախտախաղը բջիջային հեռաձայնիդ վրայ խաղալու:
Օրեր կ՛անցնին: Իրարու կը յաջորդեն շաբաթներ, եւ երիտասարդ այս հայրը արդէն իսկ կը վերածուի բախտախաղի մոլիի մը, որուն ընտանիքը` կինն ու զաւակները, այլեւս կը դադրին առաջնահերթութիւն մը ըլլալէ: Ընտանիքին եկամուտը կը պակսի նկատառելիօրէն: Կնոջ դժգոհութիւնը կը հասնի գագաթնակէտի: Նախ կը խորհի, որ իր ամուսինը սիրուհի մը ունի: Բայց քանի մը օր բաւարար կ՛ըլլայ ամբողջ իրականութիւնը երեւան հանելու: Ամուսինը ամբողջ շահածը կը վճարէ, որպէսզի իր քարտը լեցնէ, ապա միանայ բախտախաղի խաղերէն որեւէ մէկուն եւ քանի մը ժամերու ընթացքին ամբողջ դրամը կորսնցնէ:
Կայ սակայն աւելի սոսկալին: Երիտասարդ այս հայրը ծախսերուն հասնելու համար, սկսած է աջէն ու ձախէն պարտքի գումար վերցնել: Նոյնիսկ տոկոսով պարտք կ՛առնէ, եւ օրին մէկն ալ իր կացութեան ահաւորութիւնը` իր ամբողջ իրականութեամբ կը ցցուի դիմացը: Հարիւր յիսուն միլիոն լիբանանեան թղթոսկի պարտք: Կը շշմի: Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ այսքան գումարի պարտքի տակ մնացած է: Նոյնիսկ չի յիշեր: Միայն բախտախաղի կատաղի մոլին է, որ իր մէջ գլուխ կը ցցէ, եւ ինք, աւելի ու աւելի կը մխրճուի պարտքերու տակ: Օգնութեան կարիքը ունի, բայց ո՛վ պիտի օգնէ: Բոլորն ալ հազիւ կը շահին իրենց օրապահիկը, եւ ոչ ոք կրնայ մեծագումար պարտքը փակելու համար օգնութեան ձեռք երկարել: Կայ մէկ միջոց: Ծախել կնոջը քանի մը կտոր ոսկեղէնը:
Պատմութիւնը հոս կանգ կ՛առնէ: Աշխատասէր արհեստաւորէ բախտախաղի մոլիի մը վերածուած այս երիտասարդին ընտանեկան բոյնը վտանգի դէմ յանդիման է:
Պեթը բախտախաղի ձեւերէն մին է: Բախտախաղը մոլութիւն է: Պեթը մեքենականօրէն կ՛առաջնորդէ բջիջային հեռաձայնով բախտախաղի փաթեթներու, որոնք տուն կը քանդեն: Ուշադի՛ր:
ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ


