ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի 2022-2023 տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտը տեղի ունեցաւ կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ին:
Վերամուտը սկիզբ առաւ մասնաճիւղային տողանցքով մը` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական փողերախումբին, որուն յաջորդեցին պաշտօնական արարողութիւնն ու աստիճանատուչութիւնները` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին, ինչպէս նաեւ` Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի վարչութեան, Սկաուտական խորհուրդին:
Արծուիկ երամէն կանոնագրային պայմանները ամբողջացուցած եւ կարգերու գիտելիքները յաջողապէս աւարտող քոյրերը ստացան իրենց միաստղ ու երկաստղ կարգերը, իսկ արի-արենուշ խումբերէն կանոնագրային պայմանները ամբողջացնողները` փոխառաջնորդի եւ առաջնորդի աստիճանները:
Պաշտօնական վերամուտը վերջ գտաւ գեղարուեստական յայտագիրով, որուն խորագիրն էր` «Մենք կրնանք զայն ետ բերել, երբ ազգովին միանանք», որ նուիրուած էր մեր հայրենիքին ու Արցախին: Սկաուտները տպաւորիչ ձեւով ներկայացուցին Արցախի արդի պատմութիւնը (1988-2022)` անդրադառնալով պատմութեան բոլոր կէտերուն, ըլլան անոնք յաղթութիւններն կամ պարտութիւններ: Յայտագիրը պատգամ ունէր ներկայ սերունդին, որ պէտք է պայքարիլ, որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները, որպէսզի մեր ազգային իրաւունքներուն վերատիրանանք:




