Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը 40-րդ Տարեշրջանը Կը Բանայ Թեքնիք Կրթութեան Ամբողջական Ծրագիրով

October 22, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի մէջ հաստատուած Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը իր հիմնադրութեան 40-րդ տարին մուտք կը գործէ թեքնիք կրթութեան ամբողջական ծրագիրով եւ չորս տարբեր պետական վկայականներու համար նախատեսուած բաժիններով:

Նախապէս գործող BP, BT եւ TS ծրագիրներուն կողքին, 2022-2023 տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով եւ այսուհետեւ մշտապէս` Մեսրոպեան արուեստիցին մէջ պիտի գործեն նաեւ CAP եւ ԼT բաժինները: Այսպիսով, Մեսրոպեանը հայ համայնքի պարման-պարմանուհիներուն ու երիտասարդներուն կ՛առաջարկէ թեքնիք կրթութեան ամբողջական շրջան` 6-րդ դասարանին համապատասխանող տարիքէն մինչեւ բարձրագոյն կրթութիւն: Այս փաստը կ՛ամրապնդէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին իւրայատուկ դիրքն ու նշանակութիւնը շրջանի ու լիբանանահայ համայնքի կրթական միջավայրին մէջ` մեծապէս սատարելով թեքնիք կրթութեան յառաջդիմութեան եւ զայն իբրեւ կրթական ընտրանք ամրօրէն հաստատելուն: Վարժարանը իր 40-րդ տարեշրջանը բացաւ 307 աշակերտներով, որոնք յանձնուած են մասնագէտ եւ փորձառու ուսուցիչներու կրթութեան ու հոգածութեան, լաւապէս պատրաստուելու համար պետական քննութիւններուն: Անցեալ տարի, BP, BT եւ TS բաժիններու աւարտական բոլոր աշակերտները յաջողութիւն արձանագրեցին եւ ստացան իրենց վկայականները կրթութեան նախարարութենէն:

Մեսրոպեան` 1129 Աշակերտ

Միւս կողմէ, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը այս տարի շարունակեց աճ արձանագրել աշակերտութեան թիւով եւ տարեշրջանը բացաւ 822 աշակերտներով` մանկամսուրէն մինչեւ Բ. պաքալորէայի աւարտական դասարան: Այսպիսով, Արուեստից վարժարանին հետ միասին Մեսրոպեանը այս տարի կ՛ունենայ 1129 աշակերտներ: 2019-ին այդ թիւը 913 էր:

Այս առիթով Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանին տնօրէնութիւնը կը վերահաստատէ իր կամքն ու յանձնառութիւնը լաւագոյն կրթական ծառայութիւնները մատուցելու իր աշակերտներուն: Մեր առաքելութիւնն է զարգացնել մեր սաներուն կարողութիւններն ու անհատականութիւնը ակադեմական  ամուր պատրաստութեան եւ հայկական ու քրիստոնէական դաստիարակութեան ներդաշնակութեամբ` կարելի դարձնելով, որ անոնք աճեցնեն եւ իրագործեն ինքնակայացման իրենց ներուժը` ապահովութեան, հոգատարութեան, վստահութեան եւ սեփական կարողութիւններուն նկատմամբ հաւատքի մթնոլորտի մը մէջ:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հրամայական Պարտաւորութիւն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Յարկին Տակ. «Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլը Ընթացք Առաւ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.