Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մայյաս» Պարախումբը` «Ամերիքազ Կաթ Թելընթ»-ի Մրցանակակիր

September 16, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու «Ամերիքազ կաթ թելընթ» տաղանդներու մրցաշարքին մասնակցած լիբանանեան «Մայյաս» պարախումբը արձանագրեց մեծ յաջողութիւն մը, երբ դարձաւ այդ մրցաշարքին մրցանակակիրը:

«Ամերիքազ կաթ թելընթ»-ի տարբեր փուլերուն մասնակցած եւ պարային տարբեր բեմադրութիւններով հանդէս եկած ու աշխարհին հմայք պատճառած «Մայյաս»-ը ուրախութեան եւ հպարտութեան աղբիւր մը եղաւ նաեւ իր առօրեայ հոգերուն եւ ցաւերուն մէջ խեղդուած ու արիւն լացող լիբանանցիին համար:

«Մայյաս» լիբանանեան պարախումբը շաբաթներէ ի վեր կը մասնակցի «Ամերիքազ կաթ թելընթ» մրցումներուն: Վերջին փուլին ընթացքին ան մրցած է 10 այլ ամերիկեան խումբերու դէմ, սակայն իր կատարումներով եւ պարարուեստի բացառիկ նրբութեամբ ու համաչափութեամբ կրցած է բոլորին համակրանքին ու գնահատանքին արժանանալ:

Կիսաւարտական փուլ հասնելէ ետք «Մայյաս»-ի ի նպաստ արշաւ մը սկսաւ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն, #քըրմելաք եա լըպնեն (#քեզի համար Լիբանան) անունով:

Լիբանանեան «Մայյաս» պարախումբը հիմնուած է 2019-ին` պարերու բեմադրիչ Նետիմ Շըրֆենի կողմէ: Խումբին մաս կը կազմեն 31 երիտասարդուհիներ` 13-25 տարեկան: «Մայյաս» մրցանակակիրն է նաեւ «Արապզ կաթ թելընթ» արաբական տաղանդներու մրցաշարքին:

«Մայյաս» արժանացաւ նաեւ լիբանանեան պաշտօնական շրջանակներու գնահատանքին:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորեց «Մայյաս»-ը եւ անոր շնորհեց լիբանանեան «Արժանեաց» ոսկեայ շքանշանը` գնահատելու համար անոր արձանագրած յաջողութիւնը` տաղանդներու վերաբերող աշխարհի կարեւորագոյն մրցաշարքերէն մէկուն ընթացքին:

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց պարախումբի անդամներն ու պարուսոյցը, որոնք իրենց տաղանդով եւ ջանքերով հմայեցին բոլորը, յոյս ներշնչեցին Լիբանանին եւ լուսաւորեցին լիբանանցիներուն սրտերը:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շնորհաւորեց «Մայյաս»-ը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց խումբին:

Մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա շնորհաւորեց «Մայյաս»-ը: Ան ընկերային ցանցերուն վրայ արձանագրեց հետեւեալը. «Բազմազանութիւն` միասնականութեամբ, տոկունութիւն եւ գոյատեւում, փայլք եւ տաղանդ, անսահման հսկայացում` Լիբանանն է… «Մայյաս»-ն է: Շնորհաւո՛ր բոլոր լիբանանցիներուն, հազա՛ր ողջոյն Նետիմ Շըրֆանին եւ Լիբանանի հերոսուհիներուն»:

Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար շնորհաւորեց «Մայյաս»-ը, որ Լիբանանի անունը բարձրացուց աշխարհի մէջ եւ իւրաքանչիւր լիբանանցիի հպարտութիւն ներշնչեց:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը շնորհաւորեց «Մայյաս»-ը` հաստատելով, որ ան աշխարհին ներկայացուցած է Լիբանանի փայլուն ու կեանքով լեցուն պատգամը:

Բանակի հրամանատարութիւնը նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց «Մայյաս»-ին:

 

Նախորդը

Խորհրդարանը Սկսաւ Քննարկել 2022-ի Պետական Ամավարկը

Յաջորդը

Վիգէն Իւլճեքեանի Հարցով. Ազրպէյճանի Դեսպանը Կանչուած Է Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.