Պրազիլցի յետսապահ Մարսելլօ, որ հեռացաւ Ռէալ Մատրիտէն, ունեցաւ իր նոր ակումբը:
Ան միացաւ յունական Օլիմփիաքոսին` անոր հետ ստորագրելով մէկ տարուան պայմանագրութիւն:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտի պատմութեան մէջ ան ամէնէն շատ տիտղոսներու տիրացած ֆութպոլիստն է:
Ան արքայական ակումբին հետ տիրացած է 25 տիտղոսի: