Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ կատարուող Եւրոպայի աղջկանց անհատական 22-րդ ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Մարիա Գէորգեան:
Ան այժմ միայն կէս կէտով ետ կը մնայ առաջին դիրքը գրաւող Մոնիքա Սոչքոյէն (Լեհաստան), որ ունի 5,5 կէտ:
Այս հանգրուանին տիտղոսակիր Էլինա Դանիէլեան կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը նոյնինքն Սոչքոյէն: Դանիէլեան այժմ ունի 4 կէտ:
4,5-ական կէտ ունին Լիլիթ Մկրտչեան եւ Աննա Սարգսեան, մինչ Սուսաննա Գաբոյեան եւ Մարիամ Մկրտչեան ունին 3,5-ական կէտ:


