Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Քաղաքական Մերկութիւն` Վտանգաւոր Հետեւանքներով

July 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտք գործելու արգիլումը, քաղաքական անուղեղ արարք մը ըլլալէն անդին, անգամ մը եւս ցոյց կու տայ այսօրուան վարչա-խումբի քաղաքական եւ գաղափարական կախուածութիւնը տէր-պետրոսեանական սկզբունքներէն:

Առաջին նախագահի օրերը յիշեցնող ու անոր քաղաքական սնանկ վարքագիծին կառչած ըլլալու համահունչ քայլերը ցոյց կու տան, որ ներկայ իշխանաւորներուն մօտ ո՛չ միայն կը պակսի քաղաքական հասունութիւնը, այլեւ նոյնիսկ իրենց կողմէ քարոզուած «ժողովրդավարական» կարգերը իբր թէ լիովին յարգելու խաբուսիկ մթնոլորտին մէջ կը սնանի հակաժողովրդային եւ հակապետական քաղաքականութիւն մը:

Ազատ սկզբունքներն եւ ժողովրդավարութեան տարրական ըմբռնումները կը շարունակեն ծանր հարուածներ ստանալ հայրենի երկրի ղեկին վրայ գտնուող այրերէն, որոնց քաղաքական ա-րարքները հեռու են արդի աշխարհի համոզումներէն ու արժէքներէն եւ կը յիշեցնեն խորհրդային տարիներու պատկերը:

Պիտի չմնանք հանգուցեալ Հրայր Մարուխեանի եւ այժմ Մուրատ Փափազեանի վտարումներու արարքներուն զու-գահեռները գծելու փորձին վրայ: Հայ ժողովուրդը եւ հայ քաղաքական միտքը շատոնց իր գնահատական տուաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարած քաղաքականութեան համար եւ 1998-ին ազդու պատասխան տուաւ անոր որդեգրած վտանգաւոր ուղղութիւններուն դիմաց:

Այսօր, անկախ Մուրատ Փափազեանի Հայ դատին ու հայութեան շահերուն ի նպաստ ունեցած հանրային, ընտանեկան ու անձնական ծառայութենէն, մուտքի արգիլումը ունի խոր քաղաքական իմաստ, ապա նաեւ արտաքին քաղաքականութեան վտանգաւոր ընտրանքները քօղարկելու ու զանոնք ժողովուրդին որպէս կատարուած իրողութիւն հրամցնելու փորձարկումներու շղթային մէկ օղակն է այն:

Խնդիրը Մուրատ Փափազեանն ու անոր տարած Հայ դատի ի նպաստ ծառայութիւնը չէ, այլ ընդհանրապէս արտաքին քաղաքականութեան այնքան խօսուած եւ քննարկուած զիջումներուն դէ՛մ կանգնող հայրենի քաղաքական միտքի տկարացման ու ջլատումի փորձերն են, որոնք որպէս թիրախ ընտրած են ընդդիմադիր ուժերը` խորհրդարանէն ներս ընդդիմութեան պատգամաւորները իրենց լիազօրութիւններէն զրկելու արհեստական օրակարգէն մինչեւ սփիւռքահայերուն քաղաքացիութիւն շնորհելու նոր սահմանափակումներու օրէնքի կիրարկումը:

Հայրենիքն ու սփիւռքը իրարմէ անջատելու, դրացիներուն հետ խաղաղութեան փութկոտ պայմանագիրներ կնքելու շտապողականութեան դէմ կանգնող սփիւռքի տեսակէտն ու կեցուածքը խեղդելու տենդագին փորձերով կը շարունակէ գործել ներկայ վարչախումբը, որուն արտաքին քաղաքականութեան անընդունելի ընտրանքներուն դիմաց կանգնած են «խոչընդոտող» պատնէշներ:

Այդ պատերը քանդելու ու դէպի «խաղաղութեան» դաշտը վազելու հեւքին մէջ իշխանաւորները իրենց ետին կ՛ականապատեն բոլոր ճանապարհները, որպէսզի անոնք «արգելք» դառնան ընդդիմութեան յառաջխաղացքին, մոռնալով, որ վերադարձի ճամբան նոյն ուղիներէն պիտի ըլլայ` անխուսափելիօրէն անցնելով իրենց իսկ կողմէ ականներով լեցուած ճանապարհներէն:

Ներկայ իշխանութեան ուսապարկերուն մէջ տեղաւորուած օրակարգը սկիզբէն ցոյց տուաւ հայ ժողովուրդի ընտրանքերը վտանգաւոր անելի մատնելու իրողութիւնը: Այսօրուան իշխանական խաւի քաղաքական մերկութիւնը մէկ կողմէն ամբողջութեամբ կը խորտակէ ժողովրդավարութեան սկզբունքները, միւս կողմէն` հայրենիքը զիջելու թշնամիի ախորժակներուն դէմ ժողովրդային ըմբոստութիւնը խեղդելու ոլորապտոյտին մէջ ինկած ըլլալով, հետեւողականօրէն կը հարուածէ հայրենի պետական ու քաղաքական հիմքերը:

Մուրատ Փափազեաններու հերոսացումը չէ փնտռուածը, ոչ ալ անոր հայրենիք մուտք գործելու արգիլումի արարքին մէջէն քաղաքական շահարկումներ կատարելու որեւէ փորձ:

Այլեւս համաժողովրդային ցասումը իր արժանի տեղը գտնելու հրամայական պահանջն է, որ պէտք է վանէ զիջողական քաղաքականութիւնը եւ հայրենի հորիզոնը պիտի ազատէ հայութեան ճակատագիրին վրայ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան դարաշրջան» խաղացողներէն:

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան Իրաւունք Չունի Արգիլելու Որեւէ Հայու Մուտքը Հայաստան

Յաջորդը

Հայրենիք Մը Քայքայելու… «Արուեստը»

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.