Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան. Ս. Զատկուան Ուրախ Մթնոլորտ` 150 Փոքրիկներու

April 12, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ Զատիկը քրիստոնէութեան էութիւնն է, մեր հաւատքի հիմքը եւ ամենաբարձր ճշմարտութիւնը: Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը ուրախութեան, յոյսի եւ նորոգեալ կեանքի աղբիւր է: Այս առումով, ընկերային ծառայողները մեծ դերակատարութիւն ունին մանաւանդ տօնական այս օրերուն հաւատքով, նուիրումով եւ Աստուածահաճոյ ծառայութեամբ` ուրախ եւ առողջ միջավայր ստեղծելու: Կասկածէ վեր է, որ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան գործունէութեան առանցքը կը կազմեն նաեւ մեր ապագան կերտող մեր մանուկները:

Հայ մանուկներուն մատղաշ հոգիներուն մէջ ուրախութիւն սերմանելու, անոնց դէմքերուն ժպիտ ուրուագծելու եւ զանոնք հոգեպէս պատրաստելու` Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան աւետիսին, իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութիւնը, գործակցաբար Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողական միութեան` ՀԵՀՈՄ-ի, ուրբաթ, 8 ապրիլ 2022-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով մանուկներու յատուկ յայտագիր մը կազմակերպեց ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» կեդրոնի խաղավայրին մէջ: Սոյն ծրագիրին յաջողութեան իրենց ներդրումը ունեցան` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը,  ՀԵՀՈՄ-ը, «Շիրակ» տպարանը, «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը, «Ժպիտ» կանանց բարեսիրական յանձնախումբը, «Ճէք Կիֆթս» եւ կանանց բարեսիրական յանձնախումբը:

Այս հաւաքին մասնակցեցան հայ համայնքին մէջ գործող տարբեր բարեսիրական կառոյցներէն ընտրուած 150 փոքրիկներ, որոնք ընկերային անմոռանալի ժամեր անցուցին. անոնք խաղացին, պարեցին եւ իրենց տարեկիցներուն հետ խօսակցեցան ու տօնական օրերու բերկրանքը ապրեցան` յարգելով «Քորոնա» ժահրի բոլոր պայմանները:

Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին` վարչութեանս ներկայացուցիչները ՀԵՀՈՄ-ականները, «Շիրակ» տպարանի տնօրէնը, «Ժպիտ» կանանց յանձնախումբի ներկայացուցիչները եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի բարգաւաճման գրասենեակի պատասխանատուն:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան ատենապետուհի Քրիստին Դանիէլեան – Սարգիսեան, որ ուրախ ժամեր մաղթեց փոքրիկներուն, ինչպէս նաեւ վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրին օժանդակ բոլոր մարմիններուն: Ապա խօսքը փոխանցեց ատենադպրուհի Մարիա Եագուպեանին, որ ներկայացուց հաւաքին նպատակն ու ընթացիկ յայտագիրը:

Վարչութեան խօսքերէն ետք ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան ատենապետ Կարէն Արապգիրլեան լաւագոյն ձեւով հայ երիտասարդներուն պատկերը ներկայացուց եւ շեշտեց անոնց դերակատարութիւնը հայ համայնքին մէջ:

Շուրջ մէկուկէս ժամուան յայտագիրին ընթացքին փոքրերը տարբեր խաղերու մասնակից դարձան, ինչպէս` դէմքի գծագրութեան, մրցումներու, հաւկթախաղի եւ այլազան պարերու: Հաւաքը երգերով ճոխացուց ձայնի հաղորդավար Յովսէփ Թերզեանը: Աւարտին, խմբային նկար ստանալէ ետք, մասնակիցները ստացան Զատկուան տուրմ եւ նուէրներ:

Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութիւնը, համայնքին մէջ գործող բոլոր ընկերային ծառայողներուն անունով, բարի եւ օրհնաբեր Զատիկ կը մաղթէ բոլորին:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

8 ապրիլ  2022

Նախորդը

Համազգային Դիմադրութեան Ծաւալման Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Սլաք. Չէ՛ք Կրնար…

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.