Երէկ` չորեքշաբթի, 6 ապրիլին, Հայաստանի ֆութսալի տղոց ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Պուլկարիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար ֆութսալի 2024-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սկովտիան, Պուլկարիան եւ Քոսովոն:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան:


