Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար մտադիր չէ յառաջիկայ ամառ փոխել իր ակումբը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը գոհ է Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ իր կեցութենէն եւ ներկայ փուլին չի մտածեր այլ կազմի մը միանալ:
Հակառակ անոր որ անոր կազմը դուրս մնաց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն, եւ ան իր համակիրներուն կողմէ դժգոհութեան սուլիչներու արժանացաւ, սակայն ան մտադիր է յառաջիկայ տարեշրջանին եւս մնալ փարիզեան կազմին հետ:
Անոր պայմանագրութիւնը Սեն Ժերմենի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2025:
Նշենք, որ ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 90 միլիոն եւրոյով:


