Ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը ներկայացնողներ 8 մարտին այցելեցին լիբանանահայ բոլոր վարժարանները եւ շնորհաւորեցին Ուսուցչաց տօնը:
ԼԵՄ-ականներ եւ պատանիներ մեր վարժարաններու տնօրէնութեան եւ պատասխանատուներուն հետ տեսակցեցան, անոնց յայտնեցին լիբանանահայ նոր սերունդին երախագիտութիւնը, որովհետեւ ուսուցիչներուն եւ անոնց նուիրումին շնորհիւ է, որ յաջորդական սերունդներ կը դաստիարակուին իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ, որոնք կոչուած են ապագային ծառայելու մարդկութեան, ազգին ու հայրենիքին:
ԼԵՄ-ականներն ու պատանիները շնորհակալութիւն յայտնեցին ուսուցիչներուն` անոնց մեծ ու կարեւոր առաքելութեան եւ տարած ազգանունէր գործունէութեան համար:
Այս առիթով անոնք իւրաքանչիւր վարժարանի տնօրէնին յանձնեցին ծաղիկի թուփ մը:














