Շաբաթ, 26 փետրուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կազմակերպած երէց խմբապետներու պարգեւատրման արարողութիւնը:
Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը շքանշաններու տուչութիւն կը կատարէ այն անձերուն, զորս կ’ուզէ գնահատել` միջազգային, արաբական եւ լիբանանեան սկաուտական կեանքին մէջ անոնց ունեցած յառաջատար դերակատարութեան եւ ազդու ներդրումին համար:
Այս տարի, այլոց կարգին, այդ շքանշանին արժանացան երկու ՀՄԸՄ-ականներ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական մեծ ընտանիքի անդամներ Հրայր Մարգարեան եւ Ալին Քէչէպաշեան (ի բացակայութեան), որոնք ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ միութենական տարբեր մակարդակներու վրայ ժրաջանօրէն եւ անձնուիրաբար գործած են` զանազան պաշտօններ ու պատասխանատուութիւններ ստանձնելով:
Շքանշաններով պարգեւատրուեցան նաեւ ֆետերասիոնի անդամ միութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու անդամներ:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի ընդհանուր խմբապետուհի Ֆայզա Քանպար:
Խօսք առին ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Ղրէյպ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալաս:
Պարգեւատրուողներուն կողմէ սրտի խօսքը արտասանեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան:
Սոյն հանդիսութեան ներկայ էին Համաշխարհային սկաուտական ֆետերասիոնի նախագահ Էնտի Շեփմըն եւ փոխնախագահ Սարա-Ռիթա Քաթան, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսէն, Թունուզէն, Յորդանանէն արաբական սկաուտական միաւորներէ անդամներ:
Հիւրերուն կարգին էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետն ու սկաուտական ներկայացուցիչը, Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի եւ Շրջանային խմբապետական կազմի անդամները:


