27 փետրուար 1988-ին Ազրպէյճանի իշխանութեան կողմէ ծրագրուած Սումկայիթի ջարդերուն 34-րդ տարելիցն է այս տարի: Հայ ազգի ազատատենչ ոգին սանձելու եւ արցախեան շարժումը կասեցնելու տրամադրութեամբ, Ազրպէյճանի իշխանութիւնը զանգուածային տեղահանութիւն եւ անմարդկային ջարդ գործեց հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ: Ծրագրուած սպանդը տեւեց երեք օր:
Արդարեւ, կիրակի, 27 փետրուար 2022-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Սումկայիթի ջարդերուն զոհուած ու նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն համար: Հոգեհանգսեան կարգին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի եւ դեսպանատան քարտուղար Ստեփան Գէորգեանի:


